«Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՇԽԱՏԻԼ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ»

Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2012-ին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան Ե. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծեց «Ի՞նչպէս աշխատիլ քննութիւններու նախօրեակին» նիւթը։ Աշակերտները նախ ունկնդրեցին պատմութիւն մը՝ իրենց ուրախութեան եւ հոգեկան գոհունակութեան մասին, ապա զրոյցի ընդմէջէն անոնք արտայայտուեցան յաջողութեան եւ ինքզինք բարելաւելու կարեւորութեան մասին։ Անոնք եզրակացուցին, թէ երբ աշխատանքով յաջողութիւն ձեռք բերուի, անհատը կը զգայ խաղաղ, ուրախ եւ հաշտ։ Աշակերտները բեմականացուցին լաւ, աշխատասէր ու ծրագրուած անձի մը, ինչպէս նաեւ ծոյլ եւ անտարբեր անձի մը կերպարները։ Անոնք նկարագրային հակասութիւնները եւ հետեւանքները տեսնելով աւելի եւս ամրապնդեցին վերոնշեալ նիւթը։