ԼՈՒՐԵՐ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԷՆ

Կաղանդի արձակուրդին, տարրական բաժինի աշակերտները շարունակեցին փայլիլ ճատրակի եւ արուեստի աշխարհներուն մէջ։ Կազմակերպութեամբ «Եուրեքա Սենթըր»-ի յանձնախումբին (Ռապիէ), 30 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ճատրակի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանէն վեց աշակերտներ, որոնցմէ տարրական բաժինէն Հրակ Լախեան հանդիսացաւ երկրորդ, Միկել Խանճեան՝ չորրորդ, իսկ Արմէն Եղիայեան՝ հինգերորդ։ Նշենք, որ նոյն մրցաշարքին, Արի եւ Հայկ Աւետիս եղբայրները (նախակրթարանի աշակերտներ) խլեցին երկու առաջնութիւնները, յաջորդաբար 10 եւ 12 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ: Անցնելով արուեստի աշխարհ, Յարութ Ղազարեանը «Յոյսի Ծառը» թատերախաղին մէջ մեծ յաջողութեամբ կատարեց իր դերը եւ արժանացաւ գնահատանքի։ Նանար-Լիլա Այնթապլեան, Լիլա Մաքտեսեան, Մարիա Գաբլանեան, Սէրլի Աբովեան, Լոռի Խաչատուրեան, Լոռի Պէրպէրեան, Նարօտ Թաշճեան, Փեռլա Ուղուրլեան, Սէրլի Ճոյ Գունտաքճեան իրենց գեղեցիկ ձայներով եւ երգերով, ինչպէս նաեւ իրենց հաճելի ներկայութեամբ հարստացուցին Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբին ամանորեայ համերգը։