Ի՞ՆՉՊԷՍ ԸԼԼԱԼ ԿՈԿԻԿ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 20 Յունուար 2012-ին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «ի՞նչպէս կոկիկ, մաքուր եւ կազմակերպուած ըլլալ» նիւթը։ Աշակերտները ունկնդրեցին ծրագրուած ու կազմակերպուած ձեւով աշխատանքի մասին պատմութիւն մը, ապա տեղի ունեցաւ զրոյց, թէ ինչպիսի´ դժուարութիւններու կը հանդիպինք եթէ կոկիկ ու կազմակերպուած չենք։ Զրոյցէն ետք, աշակերտները պատրաստեցին իրենց շաբաթավերջի արտադպրոցական աշխատանքներու անհատական ժամանակացոյցը։