ՃԱՏՐԱԿ

Կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Անթիլիասի մարզական վարչութեան, Կիրակի, 22 Յունուարին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 107 խաղացողներու: 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներէն` առաջին դիրքը գրաւեց Հրակ Լախեան, որ բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով առաւելագոյն 7 կէտը ապահովեց: 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն Լեւոն Գալայճեան հանդիսացաւ 2-րդ։ Յիշենք, որ Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները եւս մասնակցեցան վերոյիշեալ մրցաշարքին. 8 տարեկանէն վար՝ Հրակ Լախեան (7 կէտ) եւ Արմէն Եղիայեան (4 կէտ) 10 տարեկանէն վար՝ Լեւոն Գալայճեան (5 կէտ), Հրայր Գասապեան (4 կէտ), Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան (2,5 կէտ), Էտուարտ Թաշճեան (2,5 կէտ), Ռուբէն Խաչատուրեան (2,5 կէտ) եւ Ցոլեր Գէորգեան (1 կէտ): 14 տարեկանէն վար՝ Յակոբ Թաշճեան (3 կէտ)