ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2024-ին, տեղի ունեցաւ տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտներուն ձեռային աշխատանքներու եւ գծագրութիւններու ցուցահանդէսը։ Ծնողները մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցին իրենց զաւակներուն ստեղծագործութիւնները:

ԿԱԼԱ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ին, Ճեմարանի Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընդունելութիւն մը, ներկայութեամբ աւելի քան 100 անձերու։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ճեմարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը։ Ապա խօսք առաւ տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ հակիրճ ակնարկով…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց սփիւռքահայ մտաւորական Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը: Ան տնօրէնուհիին հետ զրուցեց Ճեմարանի պատմութեան եւ առօրեային մասին, միաժամանակ պատմեց ճեմարանականներու հետ ունեցած իր յուշերը: Հանդիպումին աւարտին Դոկտ. Ճէպէճեան Ճեմարանին նուիրեց իր «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ» մակագրուած հատորը եւ դարձեալ հանդիպելու խոստումով մեկնեցաւ Ճեմարանէն:

«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄ – ՄԵՂՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2024-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» մրցում-յայտագիրին տասներորդ տարեշրջանի աւարտական մրցումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի աշակերտներէն Մեղրի Յովհաննէսեան առաջին հանդիսացաւ ութերորդ դասարանի մրցումին:  Ձեռնարկին մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:

ԿԱԼԱ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ին, Ճեմարանի Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընդունելութիւն մը, ներկայութեամբ աւելի քան 100 անձերու։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ճեմարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան, ապա խօսք առաւ տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ հակիրճ ակնարկով զեկուցեց Ճեմարանի աշակերտութեան թիւին, կրթական ու այլ ծրագիրներուն եւ…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 27 Մայիս 2024-ին, կէսօրուան ժամը 11:30-ին, Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական միացեալ տօնակատարութիւն, մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտներուն, Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի…

ԼԵՎԱՄ-Ի ՎԱՀԱՆԸ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ – ՎԵՀ ՔՐԻՍՏ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ, ԼՈՐԷՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ

Կիրակի, 26 Մայիս 2024-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին Ճեմարանի աշակերտները իրենց բաժակներով եւ մետալներով մեծաթիւ մասնակցութեամբ տողանցեցին: Փառատօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2023-24  տարեշրջանի  վահանի տուչութիւնը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, որ Ալեքքօ Պէզիքեանի նուիրուած լաւագոյն մարզիկի մրցանակը…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Երկուշաբթի, 27 Մայիս 2024-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կը նշեն Հայաստանի անկախութեան տօնը: Յայտագիրը կը սկսի Հայաստանի քայլերգով, ապա երրորդ դասարանի աշակերտները կ’ընթերցեն հայ զօրավարներու եւ բանաստեղծներու անկախութեան նուիրուած խօսքեր: Օրուան խորհուրդը կը փոխանցէ Ճեմարանի շրջանաւարտ Բագրատ Գրիգորեան: Ձեռնարկը կ’աւարտի Սարդարապատ յաղթերգով: Աշակերտները անկախութիւնը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներ կը կատարեն,…

ՄԵՏԱՂԱՇԵՐՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԵՐ ԴՐՈՇՄԵԼՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2024-ին, տեղի ունեցաւ մետաղաշերտերու վրայ հայկական զարդանախշեր դրոշմելու դասընթացք, Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան  ժողովրդական արուեստներու թանգարանի փոխտնօրէն  Գայիանէ Ասլանեանի եւ գիւմրեցի վարպետ-դարբին Յովհաննէս Մընոյեանի ներկայութեամբ եւ առաջնորդութեամբ: Դասընթացքին մասնակցեցան միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները:   Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայկազեան…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց ճեմարանի շրջանաւարտ քոյր Արին Կիւլլիւճեան։ Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի վարչական պատասխանատու…

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ (Foire des sciences)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի գիտութեան դասատուին, միջնակարգի եւ Ժ. դասարանի աշակերտական խմբակներ կատարեցին գիտական զանազան նիւթերու ուսումնասիրական եւ ստեղծագործական աշխատանքներ: Քանի մը ամսուան աշխատանքէ ետք, 15 Մայիս 2024-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աշակերտական ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս, որուն հրաւիրուած էին նաեւ ծնողները: Աշակերտները գիտական տարբեր փորձարկումներով ներկայացուցին իրենց աշխատանքները,…

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. ՀԵԾԱԼԱՐՇԱՒԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Ուրախութեամբ կը յատնենք, որ ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած հեծելարշաւի մրցումներուն Ճեմարանի աշակերտները ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ: Ստորեւ մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 2020-2011 – Աղջիկ. Լօրէն Ճերմակեան՝ առաջին Տղայ. Գալէ Դրօ Հարպոյեան՝ առաջին 2008-2009 – Աղջիկ. Վիքի Կիրակոսեան՝ երկրորդ Տղայ. Նարեկ Չերքէզեան՝ երկրորդ 2006-2007 – Աղջիկ. Գլէա Արապաղեան՝ առաջին Տղայ. Կի…