ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի 15 Յունուար 2025-ին, կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագրի նիւթերէն «Առողջ կենցաղ եւ ակռաներու խնամք» նիւթը Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները:  

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ

Նոյեմբեր ամսուն եւ Դեկտեմբեր ամսուան սկիզբը ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայութեան գրասենեակին գործադրած ծրագիրները. Տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաներու աշակերտներուն «Մարմինի ընդհանուր առողջապահութիւն եւ մաքրութիւն» նիւթը ներկայացուց դպրոցի հիւանդապահուհին՝ Թալին Ստեփան: Ա., Բ., Գ.  եւ Դ. դասարաններու աշակերտներուն «Բռնադատումը» նիւթը գործնական տարբեր աշխատանքներու միջոցով ներկայացուցին…

ԿԱՂԱՆԴԸ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ամէն տարուան սովորութեան համաձայն, ամբողջ Դեկտեմբեր ամիսը հաճելի ներկայացումներ մատուցեցին անգլերէն լեզուի դասապահերուն: Աշակերտները շինիչ ներկայացումներով հետաքրքրական մթնոլորտ ստեղծեցին դասարանէն ներս «Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը տարբեր երկիրներու մէջ» խորագիրով: Անոնք օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցեցին զանազան երկիրներու կաղանդի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին: Աշակերտները իւրայատուկ եւ հետաքրքրական…

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԴԱՍԱՊԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2024-ին ֆրանսերէն լեզուով ընդհանուր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան պահուն, ուսուցչուհիին թելադրանքով, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներուս համար «տուրմի օր» էր։ Սովորութիւն էր անցնող տարիներուն, որ աշակերտները այցելէին Պէյրութէն հեռու գնուող տուրմի գործարան մը։ Լիբանանի պատերազմին պատճառով տեղի չունեցաւ այդ այցելութիւնը, եւ անոր փոխարէն դասարանէն ներս անցուցինք այդ…

ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔ

Կաղանդի տօնակատարութիւններուն նախօրեակին, Ճեմարանի ընկերային ծառայողները շրջեցան դպրոցին բոլոր դասարանները եւ ընտրեցին իւրաքանչիւր բաժինի լաւագոյն զարդարուած ու մաքուր դասարանը, տարրական բաժինէն՝ Ա.2, նախակրթարանէն՝ Ե.2, միջնակարգէն՝ Ը.1, իսկ երկրորդական բաժինէն՝ Ժ.2: Այս առիթով, անոնք յաղթող դասարաններուն աշակերտները հիւրասիրեցին տաք շոքոլայով:  

ՄԱՐԶԱՆՔԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2024-ին, Ճեմարանի մարզանքի ուսուցիչները այցելեցին մանկապարտէզ եւ կանաչ դասարաններու աշակերտներուն խօսեցան մարզանքի կարեւորութեան մասին: Փոքրիկները հետեւեցան մարզիչներուն ցուցմունքին եւ տարբեր-տարբեր մարզանքներ ըրին:

ԱՇՈՒՆ

Աշուն է: Օդը պաղ է: Դաշտերը զարդարուած են աշնանային գոյներով: Աշնան բառային դաշտը լաւ սորվելէ ետք, հայերէնի դասապահուն, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը: Անոնք ճեմեցին զարդարուն բնութեան մէջ, գոյնզգոյն ու չորցած տերեւներ հաւաքեցին:     Իրենց քննական միտքն ու երեւակայութիւնը զարգացնելու նպատակով անոնք ստեղծեցին չոր…

ՏԱՐԲԵՐ-ՏԱՐԲԵՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐ

Լեզուն հաղորդակցութեան, արտայայտումի եւ միտքերու փոխանցումի միջոց է: Մարդիկ իրենց գաղափարները, զգացումները եւ տեղեկութիւնները կը փոխանակեն լեզուի միջոցով: Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին հազարաւոր եւ տարբեր տեսակի լեզուներ իւրայատուկ հնչիւնաբանութեամբ, քերականութեամբ եւ բառապաշարով, ինչպէս՝ բանաւոր լեզու, գրաւոր լեզու, շարժումներով եւ ձեւերով լեզուներ: Այսպէս, հայերէնի դասապահուն, «Տարբեր-տարբեր լեզուներ» բնաբանի ծիրէն…

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութիւնը, համագործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին, 2024-2025 տարեշրջանին համար կը գործադրէ բանավէճի ծրագիր մը, որուն կը մասնակցին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ: Ճեմարանի Ժ. դասարանի աշակերտուհիներ՝ Էլենա Յովակիմեան եւ Մեղրի Գասապեան, կը մասնակցին այս ծրագիրին, որուն բացման հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2024-ին, Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութեան…