ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2025-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի փոքրիկները այցելեցին Մթայլէպի «Spinneys» հանրախանութը նախաճաշի սննդարար նիւթեր գնելու համար։ «Spinneys»-ի անձնակազմը փոքրիկներուն հիւրասիրեց կրկնեփուկ եւ հիւթ։ Յաջորդ օրը, առաւօտեան փոքրիկները միասնաբար նախաճաշեցին։

Ո՞Վ Է ԴԱՍԸՆԿԵՐՍ

Ընկերային ծառայութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները հետաքրքրական խաղի մը ընդմէջէն աւելի մօտէն ծանօթացան իրարու։ Իւրաքանչիւր աշակերտ փորձեց ճանչնալ, թէ «Ո՞վ է դասընկերս կամ դասընկերուհիս»։

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2025-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ տեղի ունեցաւ զրոյց-դասախօսութիւն մը «բարիք գործել եւ լաւ յատկանիշներ գտնել մեր ընկերներուն մէջ» նիւթով: Դասախօսն էր Ճեմարանի շրջանաւարտ ուղղավարժ Մեղեդի Սնապեան։ Ան խաղերու ընդմէջէն, մանկավարժական մօտեցումով հետաքրքրական դարձուց նիւթը։…

ԱՊԱՀՈՎ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ՇՐՋԱՊԱՏ

Կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, Ճեմարանի շրջանաւարտ հոգեբան Քրիսթել Աճէմեան տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ ապահով եւ առողջ շրջապատի մասին: Ան շեշտեց լաւ ընկերոջ յատկանիշները եւ բացատրեց, թէ ի՛նչպէս պէտք է զգուշանալ օտարներէ: Ապա աշակերտները կատարեցին նիւթին վերաբերող աշխատանք մը:

ՄՏԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, հոգեբանութեան վերջին տարուան ուսանող Սեւակ Հապէշեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ զրուցեց մտային առողջութեան կարեւորութեան մասին: Ան շեշտեց, որ ինչպէս երբ ֆիզիքապէս հիւանդանալու պարագային կ’այցելենք բժիշկին, նոյնպէս ալ հոգեբանին ներկայութիւնը կարեւոր է մեր կեանքին մէջ:

ՍՈՐՎԻՆՔ ԿԱՐԵՒՈՐ ԹԻՒԵՐԸ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ Ճեմարանի ընկերային ծառայողներէն Սիլվա Սողոմոնեան զրուցեց որոշ հասցէներ եւ թիւեր գիտնալու կարեւորութեան մասին, ինչպէս՝ իրենց տան հասցէն բացատրել օտար լեզուով, ծնողներէն մէկուն հեռաձայնի թիւը գիտնալ, նաեւ երեք կարեւոր թիւեր՝ հրշէջ, հիւանդատար ինքնաշարժ եւ ոստիկանատուն: Աշակերտները այս նիւթով…

ՏԱՐԲԵՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, Ճեմարանի ուղղավարժ Արազ Քալաշեան տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ իւրաքանչիւր աշակերտի տարբեր հետաքրքրութիւններուն եւ կարողութիւններուն մասին: Աշակերտները դիտեցին այս նիւթով տեսերիզ մը, ապա ձեռային աշխատանքով մը ամրապնդեցին իրենց ստացած գիտելիքները:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԱՆԿԱԲՈՅԺԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2025-ին,  կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, մանկաբուժութեան վերջին տարուան ուսանող Տոքթ. Աւետիս Մարտիրոսեան նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ տարիքային ֆիզիքական փոփոխութիւններուն եւ իրենց զգացական աշխարհին վրայ անոնց ազդեցութեան մասին: Աշակերտները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին եւ լուսաբանուեցան:

ԻՆՔՆԱՀԱՄԱՐՈՒՄ (SELF-ESTEEM)

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի 20 Յունուար 2025-ին, Ճեմարանի ընկերային ծառայողներէն Սիլվա Սողոմոնեան նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագրի նիւթերէն «ինքնահամարում»ը (self-esteem): Աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան զրոյցին, միաժամանակ անհրաժեշտ գիտելիքներ ստացան նիւթին մասին:

ԽՄԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ուրբաթ օրուան խմբական աշխատանքները իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն մեր սրտերուն մէջ: Դ. դասարանի աշակերտներս, անհամբեր կը սպասենք այդ դասապահուն. ընկերասիրութիւնը, օգնութիւնը, հանդուրժողականութիւնը շատ լաւ հասկցած ենք: Աշխատանքը յաջողութեամբ աւարտելու համար միասին կը գործակցինք, միասին կը մտածենք, միասին կը քննարկենք եւ վերջապէս միասին կ’որոշենք պատասխանը: Ի՞նչպէս չսիրենք մեր մայրենին,…

ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԸ

Ժամանակին մարդիկ քարտէս չունէին : Աւազներուն վրայի պատկերները առաջին քարտէսներն էին: Ճանապարհորդները կողմնորոշուելու համար կը հետեւէին արեւին: Քարտէսը դարձաւ աշխարհագրական գիտելիքներու աղբիւրը, իսկ կողմնացոյցը` հորիզոնին չորս կողմերը յայտնաբերելու գործիքը` հիւսիս, հարաւ , արեւելք եւ արեւմուտք: Կողմնացոյցը կը պարունակէ ջուր եւ ասեղ (սլաք): Ասեղը կը ծփայ ջուրին վրայ եւ…