ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԵՒՍ «ՄԻՇԵԼ ՀԱՏՏԱՏ» ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Շաբաթ, 22 Փետրուար 2025-ին, «Միշել Հատտատ» միջդպրոցական մրցաշարքին, Ճեմարանի մեծ տղոց ֆութսալի խումբը 5-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք էվանճելիքըլ դպրոցի խումբին, անցաւ յաջորդ հանգրուան, ապահովելով իր տեղը Լիբանանի 32 լաւագոյն խումբերուն մէջ։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հաւաք մը երկրորդական բաժինի Ժ․, ԺԱ․, ԺԲ․ դասարաններու աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն համար։ Հաւաքին ընթացքին Ճենարանի շրջանաւարտ եւ բարեկամ մասնագէտներ խմբակներով տեսակցեցան աշակերտներուն ու իրենց ծնողներուն…

Ճեմարանական մը կը գրէ…

Ճեմարանը 1960-ական թուականներուն համբաւաւոր եղաւ ոչ միայն իր հայեցի դաստիարակութեամբ ու ուսումնական յաջողութիւներով,այլեւ իր պասքեթպոլի տղոց եւ աղջիկներու փայլուն խումբերով։ 1960-էն քանի մը տարի առաջ՝  Ճեմարանէն ներս յայտնուեցաւ մարզանքի ուսուցիչ մը՝ Պրն. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան անունով, որ հանրածանօթ էր իր շուէտական մարզանքներու մասնագիտութեամբ եւ կը կազմակերպէր հայկական միջդպրոցական…

ԲՈՅՍԵՐԸ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ՄԻՋԱՎԱՅՐԸ

Նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները լաւապէս սորվելէ ետք «Բոյսերը եւ իրենց միջավայրը» բնաբանը, ֆրանսերէնի ուսուցչուհիին հետ պատրաստեցին եւ ճաշակեցին համեղ աղցան, ինչպէս նաեւ կատարեցին սունկերու մասին յատուկ աշխատանք մը։

ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ

Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2025-ին, ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ գիրք նուիրելու օրուան առիթներով, Ճեմարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դպրոցի Թումանեան գրադարան, ծանօթացան Թումանեանին, միասին ընթերցեցին անոր հեքիաթներէն մէկ քանին, ապա իւրաքանչիւր աշակերտ իր տան գրադարանէն բերուած գիրք մը նուիրեց մէկ այլ աշակերտի։ Այս առիթով,…

ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԱՆ ՍԵՌԸ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ

Հայկական տօնացոյցին մէջ Փետրուար ամիսը հարուստ է բազմաթիւ տօներով։ Այդ տօներէն Սուրբ Սարգիսը` իբրեւ սիրոյ բարեխօս տօն, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտներուն համար դարձաւ դասաւանդութեան նիւթ, այսինքն` աշակերտները սորվեցան քնարերգական սեռը, վերլուծեցին սիրոյ նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ ըստ կարելիութեան ունկնդրեցին այդ բանաստեղծութիւններուն երգերը։ Սոյն դասանիւթի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 13 Փետրուար…

ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները իրենց հետ բերած էին այս ամսուան տօներուն առնչուած տեղեկութիւններ եւ նկարներ։ Աշակերտները հաւաքուեցան «Չալեան» սրահին մէջ, ուր իւրաքանչիւր խումբ պատրաստեց նախօրօք պահանջուած նիւթը։ Ապա աշակերտները բարձրացան դասարան եւ ներկայացուցին իրենց աշխատանքները, ապա զանոնք զետեղեցին դասարանին ցուցատախտակին վրայ։

«ՍՈՒՏՈՔՈՒ»-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Փետրուար ամսուան ընթացքին, Թումանեան գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Սուտոքու»-ի մրցաշարք, որուն մասնակցեցան տարրական բաժինի դասարաններէն աշակերտներ։ Իւրաքանչիւր աշակերտ փորձեց լուծել իր տարիքին համեմատ «սուտոքու»-ի խնդիր մը։ Մրցաշարքի աւարտին բոլոր մասնակցող աշակերտները ստացան յատուկ «badge»-եր, իսկ յաղթողները՝ խորհրդանշական նուէրներ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ին, հայերէնի լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Ճեմարան այցելեց Հայր Աւետիք Տէր Կարապետեան եւ նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց Տեառնընդառաջի, Վարդանանց հերոսամարտի եւ Պահքի խորհուրդները: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան պատմական տեղեկութիւններուն՝ Տեառնընդառաջի տօնի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն: Անոնք բացատրութիւնները եւ նոր գիտելիքները ամբարած խոստացան մնալ հայրենասէր ու…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (AUA)

Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2025-ին, Հայաստանի AUA համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Ճեմարան ներկայացաւ Մեղրի Խօշեան եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ զեղչի դրութեան եւ Հայաստան ապրելու կարելիութիւններուն մասին: