«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ՓԱՈՒԼԱ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 28 Յունիս 2021-ին, «Վանայ Ձայն»- էն սփռուեցաւ ուղիղ հաղորդում Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն:   Կրթական անցնող տարեշրջանի մասին տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի յղումները.   Հարցազրոյցի Ա. մաս.  Հարցազրոյցի Բ. մաս.     

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի անձնակազմի ընկերային յանձնախումբին, դպրոցի անձնակազմի սովորութիւն դարձած տարեվերջի հաւաքոյթը այս տարի փոխարինուեցաւ երեք մտերմիկ հաւաքներով.  մանկամսուր՝ Երեքշաբթի, 29 Յունիսի կ.ե. ժամը 3:30-ին, մանկապարտէզ՝ Ուրբաթ, 25 Յունիսի կ.ա. ժամը 9:30-ին, իսկ Ա-էն ԺԲ. դասարանի ուսուցիչներ եւ պաշտօնէութիւն՝ Ուրբաթ, 25 Յունիսի կ.ե. ժամը 5:00-ին: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի…

Նորսիկեան Մանկապարտէզի 2019-2020 Եւ 2020-2021 Տարեշրջաններու Աշակերտներու Վկայականներու Բաշխում

Շաբաթ 19 եւ Կիրակի 20 Յունիս 2021-ին յաջորդաբար տեղի ունեցան Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի երկու տարեշրջաններու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեանը, որ ողջունեց ներկաները «Ուշ լինի, անուշ լինի» խօսքով` նկատի ունենալով համաճարակի պատճառով մէկ տարի ուշ վկայական ստացող սերունդը, ապա ան բարձր գնահատեց…

Է. Կարգի աշակերտներս կարդացինք Համաստեղի «Չալօ»ն, վերլուծեցինք ու արծարծեցինք նիւթը հայերէնի դասապահու ընթացքին, որմէ ետք հանդիպում մը ունեցանք արուեստագէտ/մանկավարժ Օրդ. Գայիանէ Մածունեանին հետ։ Ան մեզի ներկայացուց շուներու հաւատարմութեան, զարգացած հոտառութեան, տարբեր մշակոյթներու մօտ մարդ-շուն յարաբերութեան պատմութեան, անասուններու մասին փիլիսոփաներու կարծիքը, ինչպէս նաեւ՝ հայ թէ օտար գրականութեան մէջ շան…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

«Հայոց պատմութեան էջերէն» բնաբանի ծիրէն ներս, Ե. դասարանի աշակերտները սորվեցան Աւետիք Իսահակեանի «Արարատին» բանաստեղծութիւնը: Սոյն նիւթին կապակցութեամբ` Երկուշաբթի, 14 Յունիս 2021-ին, աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն հանդիպում մը ունեցան Արարատ լեռ բարձրացած` ճեմարանաւարտ Քրիստ Բրուտեանին հետ: Ան հեռարձակումով նախ խօսեցաւ լեռնագնացութեան ֆիզիքական պատրաստութեան մասին, ապա դէպի Արարատ ուխտագնացութեան ժամանակին…

Է. Կարգի աշակերտներս կարդացինք Համաստեղի «Չալօ»ն, վերլուծեցինք ու արծարծեցինք նիւթը հայերէնի դասապահու ընթացքին, որմէ ետք հանդիպում մը ունեցանք արուեստագէտ/մանկավարժ Օրդ. Գայիանէ Մածունեանին հետ։ Ան մեզի ներկայացուց շուներու հաւատարմութեան, զարգացած հոտառութեան, տարբեր մշակոյթներու մօտ մարդ-շուն յարաբերութեան պատմութեան, անասուններու մասին փիլիսոփաներու կարծիքը, ինչպէս նաեւ՝ հայ թէ օտար գրականութեան մէջ շան…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Երկուշաբթի, 24  Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան առցանց դասախօսութիւն-զրոյցի մը, «Բռնադատում պատանիներու մօտ» (teen bullying) նիւթով, դասախօսն էր՝ հոգեբան Սեւանա Թոփալեան։ Դասախօսը ներկայացուց բռնադատումի տեսակները, որոնցմէ մասնաւորաբար վերջերս ընդհանրացած ՝«cyber bulliying»-ը: Ան խօսեցաւ բռնադատողին հաւանական դրդապատճառներուն մասին, ապա անդրադարձաւ բռնադատուած անձին հոգեկան վիճակին…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 2021-ին, միջնակարգի բոլոր դասարաններուն աշակերտները առցանց հանդիպումներ ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Ժանօ Քէքէճեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին ընկերային ծառայողը եւ բնապատմութեան ուսուցչուհին: Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ առիթ տալ աշակերտներուն ազատ եւ հանգիստ արտայայտուելու եւ ստանալու գիտական, մասնագիտական պատասխաններ՝…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՍԱՆԱՀԻՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 14 Մայիս 2021-ին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէն լեզուի դասապահուն առցանց հանդիպում մը ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Սանահին Գասապեանին հետ։ Սանահինը մասնագիտացած է ֆրանսական գրականութեան, պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղերուն մէջ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ, ապա Փարիզի Սիանս-Փօ համալսարանները յաճախելով։ Անոր ֆրանսերէն լեզուով յօդուածները պարբերաբար լոյս կը տեսնեն «L’Orient-Le…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ՝ «ԲՌՆԱԴԱՏՈՒՄ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՄՕՏ»

Հինգշաբթի, 13  Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան առցանց դասախօսութիւն-զրոյցի մը, «Բռնադատում պատանիներու մօտ» (teen bullying) նիւթով, դասախօսն էր՝ հոգեբան Սեւանա Թոփալեան։ Դասախօսը նախ ներկայացուց բռնադատումի տեսակները, որոնցմէ մասնաւորաբար վերջերս ընդհանրացած ՝«cyber bulliying»-ը: Ան խօսեցաւ այն պատճառներուն մասին, որոնք անձ մը կը մղեն բռնադատելու…

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ՝ ՆՈՅՆ ԹՇՆԱՄԻՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի «Ցեղասպանութենէն արցախեան պատերազմ՝ նոյն թշնամին» խորագրեալ առցանց ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 29 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին:   Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, Լսարանական Միութեան պատասխանատու Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան ներկայացուց ձեռնարկի հիւրերը՝ «Ապառաժ» թերթի խմբագիր՝ Արա Պուլուզեանը (Արցախ), Համազգայինի…

ԺԱ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԻ ԼՈՌԻ ԵԱՀՆԻՅԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Լոռի Եահնիյեան մաս կազմեց Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու ազգային խումբին: Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: