Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի անձնակազմի ընկերային յանձնախումբին, դպրոցի անձնակազմի սովորութիւն դարձած տարեվերջի հաւաքոյթը այս տարի փոխարինուեցաւ երեք մտերմիկ հաւաքներով. մանկամսուր՝ Երեքշաբթի, 29 Յունիսի կ.ե. ժամը 3:30-ին, մանկապարտէզ՝ Ուրբաթ, 25 Յունիսի կ.ա. ժամը 9:30-ին, իսկ Ա-էն ԺԲ. դասարանի ուսուցիչներ եւ պաշտօնէութիւն՝ Ուրբաթ, 25 Յունիսի կ.ե. ժամը 5:00-ին:
Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած այս հանդիպումներուն ընթացքին վարձքը կատար ըսինք բոլորին, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեցինք մեր երեք գործընկերներուն, որոնք ճամբորդութեան պատճառով պիտի մեկնին Ճեմարանէն:
Ընկերային Յանձնախումբ
