ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի 20 եւ Հինգշաբթի 21 Նոյեմբեր 2013-ին, Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրեակին, նախակրթարանի աշակերտները Լիբանանի անկախութեան պատմութիւնը վերաքաղ ըրին արաբերէն լեզուի դասատուին եւ համադրողին հետ: Անոնք երգեցին Լիբանանի քայլերգն ու ազգային քանի մը երգեր եւ դիտեցին Լիբանանի անկախութեան մասին կարճ տեսերիզ մը:

ՀԱՑ ՈՒ ՊԱՆԻՐ

Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2013-ին, զբօսանքին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները համտեսեցին իրենց բերած պանիրի տեսակներն ու քաղցրեղէնը: Այս նախաձեռնութեամբ աշակերտները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ամրապնդեցին ֆրանսերէն լեզուի դասանիւթին ընթացքին խոհագիրներու վերաբերեալ երենց ստացած գիտելիքները:

ԳԱՂԹՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները գաղթող թռչուններ շինեցին: Հայերէն լեզուի դասապահուն կատարուած ձեռային այս աշխատանքը կ’առնչուի աշնան բնաբանին:

ԱՐՄԱՒԸ

Մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր, 2013-ին այցելեցին դպրոցին մօտակայ պարտէզ մը։ Նոյեմբեր ամսուան կեդրոնական նիւթերէն մէկուն՝ արմաւին լաւապէս տիրապետելէ ետք, փոքրիկները դիտեցին պարտէզին մէջ գտնուող արմաւենիները, ապա վերադարձան դպրոց։ Տեսնելը չի բաւեր… պէտք է շօշափել ու համտեսել։ Անոնք մեծ ախորժակով կերան թարմ արմաւը:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (USJ)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2013-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ընդունման գրասենեակէն Փիէռ Նաժըմ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց համալսարանի պատմականը եւ խօսեցաւ հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին։ Ան դիտել տուաւ, որ կրթանպաստի լայն կարելիութիւններ կան մասնաւորաբար հիւանդապահութեան մասնագիտութեան։ Ներկայացման աւարտին, Փիէռ Նաժըմ պատասխանեց…

ԴԷՊԻ «ՊԱԱՊՏԱ ԱՆՏԱՌ»

Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2013-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները գացին «Պաապտա» անտառ (Baabda forest): Անոնք ծանօթացան անտառի տեսակաւոր ծառերուն եւ կարգ մը անասուններու: Բոլոր աշակերտները դափնիի չաչ ցանեցին եւ թաղարները տուն տարին: Այս այցելութեան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան հրշէջի տարազին, ինչպէս նաեւ՝ հրդեհի մը պատճառներուն ու կանխարգիլման միջոցներուն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2013-ին, տարրական բաժինի երրորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին «Կիլիկիա» թանգարանը, ապա ուղղուեցան դէպի մատենադարան: Շնորհակալութիւն հայր Պարոյր Շերնէզեանին, որ բացատրութիւններով հարստացուց աշակերտներուն գիտելիքները:

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

«Աղբիւր» բանաստեղծութիւնը մղեց Ը. դասարաններու աշակերտները, որ ուսումնասիրեն Դանիէլ Վարուժանի կեանքն ու գործերը եւ տեսասալիկներու վրայ խոյզեր պատրաստեն անոր կեանքին ու գործերուն մասին: Բծախնդրութեամբ պատրատուած եւ լրջօրէն կատարուած այս ներկայացումներէն ետք անոնք պատասխանեցին իրենց դասընկերներուն հարցումներուն: Խիստ շահեկան, գնահատելի ու հետաքրքրական էին աշակերտներուն ներկայացումները:

«ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԵՒ «ՊԵՂՈՒՄ»

Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2013-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական հնութիւններու վայրը։ Անոնք դիտեցին յայտնաբերուած հնութիւնները եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին նախաբնիկներու եւ պեղումներու վերաբերող իրենց ստացած գիտելիքները։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՆԹԻԼԻԱՍ»-Ի ԳԵՏ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2013-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետ՝ ամրապնդելու «Անուշ ջուրի միջավայր»ի մասին իրենց ստացած գիտելիքները։ Աշակերտները դիտեցին գետին ընթացքը, ծանօթացան հոն աճող բոյսերուն, ինչպէս նաեւ այցելեցին գետին միւս ափը գտնուող լիբանանեան ոճով կառուցուած հին տուն մը, որ կը գործէ իբրեւ ջաղացք։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԷՋԱՑՈՅՑ

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2013-ին, Դ. դասարաններու աշակերտները հայերէն լեզուի դասատուին ընկերակցութեամբ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը՝ Թարգմանչաց տօնին առիթով: Անոնք պատրաստեցին հայերէն տառերով ու հայկական նկարներով զարդարուած էջացոյցներ, զորս զետեղեցին իրենց հայերէնի դասագիրքերուն մէջ:

ՄԻԱՍԻՆ ՆԱԽԱՃԱՇԵՆՔ

Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան նախակրթարանի Ե. դասարաներու 45 աշակերտները միասնաբար նախաճաշեցին, ապա սկսան իրենց դպրոցական առօրեային: Զոյգ դասարաններու դաստիարակներուն նախաձեռնութեամբ եւ գործադրութեամբ տեղի ունեցած նախաճաշը կը նպատակադրէ աշակերտները համախմբել մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, զարգացնելու համար ընկերասիրութիւնը: