ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (USJ)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2013-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ընդունման գրասենեակէն Փիէռ Նաժըմ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց համալսարանի պատմականը եւ խօսեցաւ հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին։ Ան դիտել տուաւ, որ կրթանպաստի լայն կարելիութիւններ կան մասնաւորաբար հիւանդապահութեան մասնագիտութեան։ Ներկայացման աւարտին, Փիէռ Նաժըմ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։