ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2012-ին տարրական բաժինի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը։ Անոնք երգեցին Լիբանանի քայլերգը եւ ֆրանսերէն երգ մը՝ նուիրուած Լիբանանին։ Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները արտասանեցին արաբերէն եւ ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններ։ Առաջին դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին Լիբանանի դրօշակն ու անոր գոյներուն խորհրդանիշները։ Բոլոր աշակերտները դրօշակներով տուն վերադարձան։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱՀՐ ԷՐ ՔԵԼՊ

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2012-ին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Նահր Էլ Քելպ։ Արաբերէն լեզուի ուսուցչուհին կարդաց հոն զետեղուած բարձրաքանդակներուն արձանագրութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւնները տուաւ՝ Լիբանանի անկախութեան պատմութեան ու անձնաւորութիւններուն մասին, ապա աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին անկախութեան մասին իրենց գիտելիքները։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ)

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2012-ին, Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակի կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանէն Թալին Ճըղըլեան աշակերտներուն ներկայացուց Հայկազեան համալսարանը եւ բացատրութիւններ տուաւ ընդունման քննութիւններուն մասին։ Ան կարեւորութեամբ նշեց, որ Հայկազեան համալսարանը աւարտողներ դիւրութեամբ կը նետուին գործի ասպարէզ, որովհետեւ Լիբանանի առաջնակարգ համալսարաններէն մէկը կը նկատուի ան։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2012-ին, կազմակեպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի (school of nursing) պատասխանատուներէն Լին Պիրպէրի Ճեմարանի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց school of nursing-ը։ Ան շեշտեց, որ հիւանդապահութիւնը առաջին կարգի ասպարէզներէն է, որուն կարիքը մեծ է Լիբանանի, Արաբական երկիրներու, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի մէջ։…

«ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԵՒ «ՊԵՂՈՒՄ»

Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2012-ին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց Հայոց Պատմութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական հնութիւններու վայրը։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին Հայոց Պատմութեան նախապատմական շրջանի դասին ընդմէջէն նախաբնիկներու, հնութիւններու եւ պեղումներու վերաբերող իրենց ստացած գիտելիքները։ Անոնք դիտեցին յայտնաբերուած հնութիւնները եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (ՊԱԼԱՄԱՆՏ)

Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2012-ին Պալամանտ համալսարանէն Պահիյա Ապտալլա եւ Ռուպինա Քարհիլի աշակերտներուն ներկայացուցին Պալամանտ համալսարանի երեք բաժանումնեըը՝ ALBA (Sin-el-fil), Balamand (Koura), Balamand Medical School (St. George հիւանդանոց)։ Անոնք շեշտեցին երկու մասնագիտութիւններ, որոնց համար գործի լայն դաշտ կայ՝ Public health եւ nursing։

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»-ի կազմակերպած հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանքներուն մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը: Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ կրթական հարցերու գրասենեակի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան շեշտեց, որ մեծագոյն յաղթականը այսօր հա՛յ դպրոցն է,…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Տրուած ըլլալով, որ առողջ միտքը առողջ մարմնի մը մէջ կը կայանայ, 5-էն 9 Նոյեմբեր 2012 շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան առողջապահական քննութիւններ՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական։ Այս քննութիւնները կատարուեցան Ճեմարանի առողջապահութեան պատասխանատու Քրիստին Մխճեանի հսկողութեամբ եւ համագործակցութեամբ Գարակէօզեան Հիմնարկի անձնակազմին։ Քննութիւններուն մասնակցեցան բժիշկներ՝ Տոքթ. Պըրժէուի (ակնաբոյժ) տեսողութեան քննութեան, Տոքթ. Քէլէշեան…

ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երկուշաբթի, 12 եւ Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2012-ին, տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ գացին Կաթողիկոսարանի կազմակերպած գիրքի ցուցահանդէսին։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին մանկական գիրքերը։ Ա. դասարաններու աշակերտները նուէրներ ստացան, իսկ Բ. դասարաններու աշակերտները գիրքեր գնեցին եւ վերադարձան դպրոց։

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

Տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէնի դասապահուն ծանօթացան երաժշտական գործիքներու եւ լսեցին անոնց ձայները։ Ամրապնդելու համար իրենց գիտելիքները, աշակերտները հետաքրքրական խոյզեր պատրաստեցին զանազան նուագարաններու մասին։

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԵՎԱՄԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2012-ին տարրական բաժինէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան ԼԵՎԱՄԻ ճատրակի մրցաշարքին։ Արմէն Եղիայեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Ալիք Հաճինեան՝ երրորդ։ Շատ լաւ արդիւնք արձանագրեցին նաեւ՝ Վարագ Մեսրոպեան, Միկել Խանճեան, Արամ Հանտեան, Լիլա Մաքտեսեան եւ Քրիստ Պարսումեան։

ԼԵՎԱՄ-Ի ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2012-2013 տարեշրջանի ճատրակի մրցաշարքը` «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 վարժարաններէ 103 աշակերտներ: Բաւական սուր մրցակցութենէ մը ետք, 16.5 կէտով առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, որ միայն կէս կէտի…