ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Կիրակի, 18 Դեկտեմբերին նոյնանուն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան ճատրակի 13-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 90 ճատրակ խաղացողներու (50 մեծ եւ 40 փոքրեր): Ճեմարանի աշակերտները ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ. 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ 3-րդ դիրքը գրաւեց Հրայր Գասապեան։…

ԿԱՄՔ ԵՒ ՄՂՈՒՄ

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2011-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուեցաւ «կամք եւ մղում» նիւթը։ Ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան պատմութեան մը ընդմէջէն աշակերտներուն փոխանցեց մեծ իրագործումներու եւ յաջողութիւններու հասնելու համար կամք եւ մղում ունենալու կարեւորութիւնը։ Յիշեալ նիւթի ամրապնդման նպատակով, դասապահու աւարտին տեղի ունեցաւ հարցազրոյց՝ աշակերտներու…

Ս.ՅԱԿՈԲ

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2011-ին տարրական բաժինի Գ2 դասարանի աշակերտները շնորհաւորեցին իրենց դասընկերոջ՝ Ժագոպի անուանակոչութիւնը։ Այս առիթով տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա աշակերտները վերադարձան իրենց դասերուն։

ԶԱՐԴԱՐԵՆՔ ՄՍՈՒՐԸ

Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2011-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները հայերէնի պահուն բամպակի վրայ ցորեն ցանեցին, ապա զանոնք զետեղեցին մսուրին շուրջ։ Այսպիսով աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին տօնական օրերու նախօրեակին տարրական բաժինը գեղեցկացնելու եւ զարդարելու աշխատանքին։ Մսուրին շուրջ զետեղուած ցորենի հատիկները արդէն սկսած են ծիլ տալ։

ՃԵՄԱՐԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ «KIDS ATHLETIC»-Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Միջազգային եւ Լիբանանեան Աթլէթիզմի Ֆետերասիոններու հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանի՝ «Kids Athletic»-ի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Կիրակի 11 Դեկտեմբեր, 2011-ին Պաապտայի Ժամհուր վարժարանի դաշտերուն վրայ, մասնակցութեամբ « Melkart », « Evangelical », «Louis Wagmen», Ճեմարան եւ «Notre Damme de Jamhour» դպրոցներուն: Մրցաշարքին նպատակն էր աշակերտները վարժեցնել, պատրաստել եւ աշխուժացնել…

ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ

Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2011-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան Զ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «Ինքնաճանաչում» նիւթը։ Տեղի ունեցաւ զրոյց մը, ապա պատմութեան մը ընդմէջէն Ս. Քիւրքճեան աշակերտներուն փոխանցեց ինքնաճանաչման կարեւորութիւնը։ Իւրաքանչիւր աշակերտ թղթիկի մը վրայ գրեց, թէ ինչո՞ւ ինքնավստահ է, ապա եզրափակուեցաւ, որ ամէն անձ…

ԴՊՐՈՑ-ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Համագործակցութեան ու ծանօթացման նպատակով, ամէն տարի L.A.U. համալսարանի կազմակերպութեամբ տեղի կ՚ունենայ ընթրիք մը, որուն կը հրաւիրուին Լիբանանի բոլոր դպրոցներու տնօրէններն ու համալսարաններու հետ գործակցող դպրոցներու պատասխանատուները։ Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2011-ին, Ֆէնիսիա պանդոկին մէջ, վերոյիշեալ նպատակով տեղի ունեցած ընթրիքին ներկայ գտնուեցան L.A.U. համալսարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը եւ Լիբանանի 300…

ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

2011-ի Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին եւ Դեկտեմբերի առաջին օրերուն, Ճեմարանի մանկապարտէզի կանաչ դասարանի, տարրական բաժինի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի գիրքի ցուցահանդէսին։ Աշակերտները ուսուցիչներուն ցուցմունքներով ընտրեցին իրենց տարիքին յարմարող գիրքեր եւ «հարստացած» վերադարձան դպրոց։

Ghinwa et le train qui chante

Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2011-ին մանկապարտէզի ու տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Ղինուայի ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացման։ Կաղանդի նուիրուած այս ներկայացման ընթացքին, մանկական երգերու մեկնաբան Ղինուա հայերէն լեզուով արտասանեց խորհրդանշական հինգ բառերը՝ ներել, սիրել, բաժնեկցիլ, շնորհակալ ըլլալ եւ աղօթել։ Աշակերտները մեծ ուրախութեամբ դիտեցին ներկայացումը, որուն աւարտին քաղցրեղէնով հիւրասիրուեցան։