ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Կիրակի, 18 Դեկտեմբերին նոյնանուն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան ճատրակի 13-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 90 ճատրակ խաղացողներու (50 մեծ եւ 40 փոքրեր): Ճեմարանի աշակերտները ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ. 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ 3-րդ դիրքը գրաւեց Հրայր Գասապեան։ Նոյն դասակարգին մէջ, սակայն աղջկանց մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւեց Նարօտ Գըլըպոզեան, իսկ երկրորդ դիրքը` Նանօր Առնելեան: 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Կարէն Խալոյեան գրաւեց երկրորդ դիրքը: 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայկ Աւետիս գրաւեց երրորդ դիրքը: 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հրակ Գըլըպոզեան հանդիսացաւ առաջին: