ԿԱՄՔ ԵՒ ՄՂՈՒՄ

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2011-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուեցաւ «կամք եւ մղում» նիւթը։ Ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան պատմութեան մը ընդմէջէն աշակերտներուն փոխանցեց մեծ իրագործումներու եւ յաջողութիւններու հասնելու համար կամք եւ մղում ունենալու կարեւորութիւնը։ Յիշեալ նիւթի ամրապնդման նպատակով, դասապահու աւարտին տեղի ունեցաւ հարցազրոյց՝ աշակերտներու միջեւ։ Սրտբաց արտայայտութիւններով անոնք եզրակացուցին, որ միայն աշխատանքով, կամքով ու մղումով կրնան հասնիլ յաջողութեան։