ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ

Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2011-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան Զ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «Ինքնաճանաչում» նիւթը։ Տեղի ունեցաւ զրոյց մը, ապա պատմութեան մը ընդմէջէն Ս. Քիւրքճեան աշակերտներուն փոխանցեց ինքնաճանաչման կարեւորութիւնը։ Իւրաքանչիւր աշակերտ թղթիկի մը վրայ գրեց, թէ ինչո՞ւ ինքնավստահ է, ապա եզրափակուեցաւ, որ ամէն անձ ունի արժանիքներ, բայց ան պէտք է գիտնայ արտաբերել իր կարողութիւնները եւ հետեւողական աշխատանքով արժեւորէ ինքզինք ընկերութեան մէջ։