ԴՊՐՈՑ-ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Համագործակցութեան ու ծանօթացման նպատակով, ամէն տարի L.A.U. համալսարանի կազմակերպութեամբ տեղի կ՚ունենայ ընթրիք մը, որուն կը հրաւիրուին Լիբանանի բոլոր դպրոցներու տնօրէններն ու համալսարաններու հետ գործակցող դպրոցներու պատասխանատուները։ Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2011-ին, Ֆէնիսիա պանդոկին մէջ, վերոյիշեալ նպատակով տեղի ունեցած ընթրիքին ներկայ գտնուեցան L.A.U. համալսարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը եւ Լիբանանի 300 դպրոցներու ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին Ճեմարանի փոխ-տնօրէն վարչական պատասխանատու Նորայր Նաճարեանն ու ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանը։ Սոյն գրութեան կցուած նկարին մէջ, Ճեմարանի ներկայացուցիչներուն ետին կանգնած են Տոքթ. Ժոզէֆ Ժապրա՝ L.A.U.համալսարանի նախագահ եւ Ապտօ Ղիյէ՝ Օգնական Փոխ-Նախագահ ուսանողներու արձանագրութեանց ղեկավարումի։