ՃԵՄԱՐԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ «KIDS ATHLETIC»-Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Միջազգային եւ Լիբանանեան Աթլէթիզմի Ֆետերասիոններու հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանի՝ «Kids Athletic»-ի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Կիրակի 11 Դեկտեմբեր, 2011-ին Պաապտայի Ժամհուր վարժարանի դաշտերուն վրայ, մասնակցութեամբ « Melkart », « Evangelical », «Louis Wagmen», Ճեմարան եւ «Notre Damme de Jamhour» դպրոցներուն: Մրցաշարքին նպատակն էր աշակերտները վարժեցնել, պատրաստել եւ աշխուժացնել աթլէթիզմի անհատական եւ խմբական զանազան մարզախաղերու, ինչպէս՝ վազքի, գունտ նետելու, սկաւառակի, մէկ քայլ ոստումի: Լիբանանեան դպրոցներու «Kids Athletic» հանդիպումին, Ճեմարանը ներկայացուցին հետեւեալ աշակերտները՝ Արին Թաշճեան, Կրէյս Մարտիրոսեան, Սարինէ Նէրսէս, Էլսա-Մարիա Արթինեան, Նանէ ՍէմէրՃեան, Ալէքս Կէտիկեան, Աղէկ Աղէկեան, Նազօ Քէշիշեան, Շիրազ Կարապետ եւ Համբիկ Այվազեան։