ՊԱՐՏԷԶ

Տարրական բաժինի Բ1 դասարանի աշակերտները բաւական լաւ դաս ըրին, խաղացին ու շատ լաւ շարուեցան։ Իբրեւ գնահատանք՝ իրենց ուսուցիչները որոշեցին աշակերտները դպրոցին պարտէզը տանիլ։ Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2011-ին՝ 7-րդ պահուն, Բ1 դասարանի աշակերտները հաճելի ժամանակ անցուցին բնութեան գիրկը՝ ուտելով եւ հայկական երգեր երգելով։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2011-ին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժպէյլ քաղաքը։ Անոնք ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդին մէջ եւ ծանօթացան անոր պատմութեան։ Աշակերտները այցելեցին ամփիթատրոն եւ ամրապնդեցին աշխարհագրութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները։

«ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ, ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՆՔՆԱԶՍՊՈՒՄ»

Աշակերտը նկարագրային լաւ յատկանիշներով օժտելու նպատակով, Ճեմարանի տնօրէնութեան մշակած «Ընկերային Կազմաւորման Ծրագիր»ը կ՚ընթանայ կրթական-ուսումնական ծրագրին զուգահեռ։ Յիշեալ ծրագրի Հոկտեմբեր ամսուան նիւթն էր «ինքնաճանաչում, ինքնավստահութիւն եւ ինքնազսպում»։ Դպրոցի ընկերային ծառայողը զայն ներկայացուց նախակրթարանի աշակերտներուն։ 31 Հոկտեմբեր եւ 1 Նոյեմբեր 2011-ին, ընկերային ծառայողը այցելեց Ե. եւ Դ. դասարաններու աշակերտներուն։ Դասապահու…

ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՈՎ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2011-ին Ե. դասարաններու թուաբանութեան ուսուցչուհին աշակերտներուն ներկայացուց երկրաչափութեան (géometrie) դասը համակարգչային տարբերակով։ Հետաքրքրական էր աստիճանաչափի (rapporteur) օգտագործումը եւ անկիւններու զետեղումը համակարգիչով։ Արդիական ոճով այս դասապահէն ետք, աշակերտները վերադարձան թուղթ ու գրիչին, որ դարերէ ի վեր առանց ելեկտրականութեան եւ յաւելեալ սարքերու կարիքի՝ աշակերտին, ուսուցիչին ու ամբողջ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՆԹԻԼԻԱՍ»-Ի ԳԵՏ

Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2011-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները գիտութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետը։ Այս պտոյտը կը նպատակադրէր աշակերտներուն մօտ ամրապնդել «Անուշ ջուրի միջավայրը» դասէն ստացած իրենց գիտելիքները։ Աշակերտները դիտեցին գետին ընթացքը ու ծանօթացան այդ միջավայրին մէջ աճող բոյսերուն։

«ՍԵՐՄՆԱՑԱՆՆԵՐ»

Չորեքշաբթի, 9 նոյեմբեր 2011-ին Տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները հայերէնի դասապահերուն դարձան մէկական սերմնացաններ իրենց դասի հերոսին՝ Արային նման։ Անոնք Պրն. Վարդգէսին գլխաւորութեամբ ցանեցին բողկ, ազատքեղ, ծոթրին եւ թրթնջուկ։ Աշակերտները յոյս ունին, որ մէկ ամիս ետք ցանքը կը հնձեն։

ԽԱՉՔԱՐ

Հայերէնի դասապահուն, Համօ Սահեանի «Խաչքար» բանաստեղծութիւնը սերտելէ ետք, Դ. դասարաններու աշակերտները աւելի եւս ծանօթանալու համար հայկական ծագում ունեցող այս ստեղծագործութեան, դիտեցին խաչքարերու նկարներ եւ Երկուշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2011-ին, իրենց ուսուցչուհիին հետ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը։ Աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կաւով պատրաստեց խաչքար մը եւ իր հնարամտութեամբ զարդարեց ու գեղեցկացուց զայն։…

«ԵՐԿԻՐ» ՄՈԼՈՐԱԿԸ

Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2011-ին, Ե. դասարանի աշակերտները Ֆրանսերէն լեզուի բանաւոր արտայայտութեան պահուն ներկայացուցին խմբական աշխատանքներով կատարած իրենց խոյզերը։ Աշակերտները ցուցադրեցին իրենց պատրաստած տեղեկատուական որմազդը եւ նկարներ, միաժամանակ փոխանցեցին տեղեկութիւններ արեգակնային դրութեան մասին, այսպիսով ամրապնդելով ֆրանսերէն լեզուով ստացած իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները։ Նոյնանման ներկայացումներ տեղի պիտի ունենան ամսական դրութեամբ։

«ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԵՒ «ՊԵՂՈՒՄ»

Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2011-ին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց Հայոց Պատմութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական հնութիւններու վայրը։ Անոնք դիտեցին յայտնաբերուած հնութիւնները եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին Հայոց Պատմութեան նախապատմական շրջանի դասին ընդմէջէն հնութիւններու եւ պեղումներու վերաբերող իրենց ստացած գիտելիքները։

ՇՆԻԿԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Մանկապարտէզի աշակերտները «հիւրընկալեցին» շնիկ մը: Անոնք մօտէն ծանօթացան ընտանի այս անասունին արտաքինին եւ յատկութիւններուն: Փոքրիկները ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ դիտեցին շնիկը։ Ոմանք համարձակութեամբ ու անվախօրէն մօտեցան անոր, շոյեցին, խաղացին եւ ի վերջոյ շնիկի մասին իրենց սորված երգով հրաժեշտ տուին անոր։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2011-ին Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ ։