ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ ՍԻՐԵԼԻ՛ ՏՆՕՐԷՆ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ճեմարանի անձնակազմի առաջին ընդհանուր ժողովէն ետք, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընթրիք՝ վերամուտի առիթով եւ ի պատիւ բազմավաստակ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ ամբողջ անձնակազմին:   Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց երկարամեայ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի…

ՄԱԳԱՂԱԹ

Տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները Թարգմանչաց տօնին առիթով սորվեցան Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, ինչպէս նաեւ՝ գիրերու գիւտին մասին ընթերցանութեան դաս մը: Յիշեալ բնաբանի աւարտին, աշակերտները մագաղաթ պատրաստեցին հայերէն լեզուի ուսուցչուհիին օգնութեամբ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2016-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարանը։ Անոնք դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն։ Աշակերտներուն մտքին մէջ յստակ դարձաւ գիրքի մը մեծաքանակ արտադրութեան աշխատանքի ձեւը։ Տպարանէն ետք, անոնք ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութը, դիտեցին հոն ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած…

ԺԷԻԹԱՅԻ ՔԱՐԱՅՐԸ (Jeita grotto)

Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, այցելեցինք Լիբանանի գեղեցիկ քարայրներէն մէկը՝ Ժէիթան: Երբ հասանք, իջանք հանրաշարժներէն եւ նկարուեցանք ուսուցիչներուն հետ, ապա ուղղուեցանք դէպի ճոպանուղիները, հասնելու համար վերի քարայրին մուտքին: Ունկնդրեցինք եւ դիտեցինք վաւերագրական ժապաւէն մը այս սքանչելի քարայրին կազմաւորումին ու պատմութեան մասին: Այս կարճ տեսերիզէն ետք, ուսուցիչները մեզ առաջնորդեցին դէպի…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի աշակերտները բացօթեայ խաղավայրին մէջ նշեցին թարգմանչաց տօնը: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները երգեր ու արտասանութիւններ նուիրեցին Մեսրոպ Մաշտոցին եւ թարգմանիչներու սերունդին: Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն ծնած աշակերտներուն տարեդարձներու նշումով:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՏԱՔՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2016-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին մետաքսի թանգարան (Silk Museum, Bsous, Aley): Փոքրիկները դիտեցին մետաքսի պատրաստութեան հանգրուանները, անոնք տեսան խոզակը, շերամը, շերեփուկը, ապա՝ թիթեռնիկը: Անոնք դիտեցին նաեւ տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ՝ զանազան երկիրներու հագուստներ եւ ամրապնդեցին «մաման կը կարէ» դասէն իրենց ստացած…

ԴԱՍԱՊԱՀ ՄԸ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կոմիտասի մահուան 81-րդ ամեակին առիթով միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները ունկնդրեցին մեծ երաժիշտին յօրինած կտորներէն, ապա  Պետօ Գալուստեան ներկայացուց Կոմիտասի կեանքը, գործունէութիւնն ու անոր ողբերգական վախճանը: Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան դէպի դպրոցին մուտքին գտնուող Կոմիտասի կիսանդրին, ուր վարդեր զետեղեցին եւ ունկնդրեցին «Կռունկ»ը:

ԾԱՂԻԿԻՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՄԱՍԵՐԸ

Գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները ծանօթացան ծաղիկին զանազան մասերուն: Անոնք ծաղիկի մասին աշխատանքներ պատրաստեցին եւ ներկայացուցին իրենց ընկերներուն, ապա զանոնք զետեղեցին պատի թերթի վրայ:

ԿԱՐՄԻՐ ԳՈՅՆԸ

Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները սորվեցան կարմիր գոյնը: Անոնք այդ օրը դպրոց եկան կարմիր հագուած: Զանազան աշխատանքներ կատարելէ ետք, փոքրիկները իրենց հետ տուն տարին կարմիր խնձորներ:

«ՊԱՊԱ»ՆԵՐԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, կանաչ դասարաններու աշակերտներուն «պապա»ները այցելեցին մանկապարտէզ: Անոնք ծանօթացան իրենց զաւակներուն դասընկերներուն եւ դասարանին, ապա իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր գործը: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ճաշակելէ ետք փոքրիկներուն կողմէ նախօրօք պատրաստուած կրկնեփուկները, «պապա»ները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան դպրոցէն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐ

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Այնճար, որպէսզի գիտութեան «Ծանօթանանք պարտէզներուն» եւ ֆրանսերէնի «La forêt» դասերը սորվին:   Աշակերտները դիմաւորուեցան Այնճարի քաղաքապետարանի անդամներուն կողմէ, ապա ուղղուեցան դէպի «Դալար Անկիւն» եւ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի  Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր բացատրութիւններ ստացան խաչքարի մասին: Այնուհետեւ փոքրիկները…