ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Ալեք Էլպէքեան իր խօսքը փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին առիթով: Ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական ամէնէն սիրուած տօնն է Թարգմանչաց տօնը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթ օրը: Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ այս…

ԱՏՈՄ ԵՒ ԱԼԼԱ ԶՈՀՐԱՊԵԱՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին Ճեմարան այցելեցին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հարենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին հերոսաբար նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողները` Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները: Տնօրէնութեան կողմէ հիւրընկալուելէ ետք, անոնք այցելեցին դպրոցին զանազան բաժինները, ապա գրադարանէն ներս հանդիպում ունեցան աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան աշակերտներուն ներկայացուց հիւրերը, իսկ հիւրերուն…

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 14-ին  երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 22-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբերը վերամուտն էր տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի ու նախակրթարանի աշակերտներուն: Հինգշաբթի 29 Սեպտեմբերին,…