ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ

Միջնակարգի Է. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան ֆրանսերէնի ուսուցչուհիին կազմակերպած «ճիշդ հնչենք» մրցանքին, որ ընթացաւ քանի մը հանգրուաններով: Ռիթա Թագաճեան, Սերա Հայեան եւ Լալիկ Ալթունեան հասան վերջին հանգրուան: Ի վերջոյ, յաղթական հանդիսացաւ Սերա Հայեան:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «AUB»-Ի ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 28 Մարտ 2025-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներս մեր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչին եւ դաստիարակին ընկերակցութեամբ այցելեցինք Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հնագիտութեան թանգարանը: Հազիւ հասանք, ծանօթացանք Դոկտ. Ժագ Նիւրբեթլեանին, որ մեզի բացատրեց, թէ ի՛նչ հանգրուաններէ պիտի բաղկանար մեր այցելութիւնը: Մեր առաջնորդները՝ Պարոն Հիւսէյն եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Մհեր Փելթեքեան, հետաքրքրական…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆ»

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 20 Մարտ 2025-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին ՔԱՀԼ-ի «Հայ տարեցներու տուն»: Տիկ. Հուրի Մուշեան դիմաւորեց աշակերտները եւ բացատրութիւններ տուաւ ՔԱՀԼ-ի գործունէութեան մասին: Ապա աշակերտները այցելեցին տարեցներուն, միասնաբար զրուցեցին եւ ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը՝ ասմունքեցին, երգեցին, պարեցին ու շատ զուարճացան: Աւարտին,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ԵՒ «ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ուրբաթ, 14 Մարտ 2025-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Է. դասարանի աշակերտները ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեանին եւ իրենց դաստիարակին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ճինիշեան» եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնները: «Ճինիշեան»ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան դիմաւորեց զիրենք եւ բացատրութիւններ տուաւ «Ճինիշեան» հաստատութեան պատմութեան եւ մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութեան մասին: Ապա վարժողական ծրագիրով կեդրոն գտնուող Հայկազեան…

ԼԵՎԱՄ-Ի ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Կիրակի, 23 Մարտ 2025-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցան 2024-2025 տարեշրջանի ճատրակի մրցումները: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտները ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ: Ստորեւ մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 10 տարեկանէն վար, աղջիկներ՝ Նայիրի Նիւրբէթլեան (առաջին), Անտրէա Պիթարեան (երկրորդ), տղաք՝ Վայք Հէյպէլեան (առաջին), Արամ Մանուկեան (երրորդ)…

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Ճեմարանի մէջ արդէն կը գործէ «Պատմութեան նամականի» նամակատուփը, ուր աշակերտները պիտի զետեղեն իրենց տրուած հարցումներուն պատասխանները՝ ուսուցիչին կողմէ նշուած ժամանակահատուածին մէջ: Հարցումները կը պահանջեն տրամաբանական մօտեցում եւ վերլուծական միտք: «Պատմութեան նամականի»ի հիմնական նպատակն է խթանել հայոց պատմութեան նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը:

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Երկուշաբթի, 24 Մարտ 2025-ին, երրորդ եւ չորրորդ դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Լ.Օ.Խ-ի կազմակերպած «Մանուկներու միջազգային օրուան» ձեռնարկին։

ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ` ՆԺԴԵՀ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ուրբաթ, 21 Մարտ 2025-ին, ժամը 1։45-ին, տարրական բաժինի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկում՝ վաղամեռիկ ճեմարանական Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակին, ներկայութեամբ իր ընտանիքին, դպրոցի անձնակազմին եւ Նժդեհին դասընկերներուն՝ աւարտական դասարանին: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Մենք այսօր հաւաքուած ենք անգամ մը եւս, որովհետեւ երկու տարի առաջ անակնկալ…

ՊԱՊԱՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2025-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտներուն հայրերը (ոմանց` հարազատները) այցելեցին մանկապարտէզ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ասպարէզը ներկայացնէ փոքրիկներուն։ Իւրաքանչիւր հայր իրեն հետ բերած էր իր գործին վերաբերող իրեր կամ նկարներ։ Այս առիթով փոքրիկները կատարեցին հիւրասիրութիւն՝ նախօրօք իրենց պատրաստած կրկնեփուկներով։

ԱՍԻԱՅԷՆ ԵՒՐՈՊԱ

Դ. դասարանի սիրելի՛ ճանապարհորդներ, Պատրաստուեցէ՛ք հաճելի ու անմոռանալի աշխարհագրական արկածախնդրութեան մը: Այսօր մեր ճամբորդութիւնը կը սկսի Չինաստանէն, ուր պիտի համտեսենք բանջարեղէնով պատրաստուած համեղ «Chow mein»-ը: Երեւակայեցէ՛ք միաժամանակ քաղցր եւ աղի համերը: Այդ համերը վայելելէ ետք, Ուրալեան լեռնաշղթայի վրայով, կախարդական ինքնաթիռներով պիտի ճամբորդենք Եւրոպա՝ Իտալիա: Այնտեղ պիտի ճաշակենք տուրմի…

ՆՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄ՝ «ՄԻՇԵԼ ՀԱՏՏԱՏ» ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Ճեմարանի մեծ տղոց ֆութսալի խումբը պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2025-ին, «Միշել Հատտատ» միջդպրոցական մրցաշարքին, երբ 7-6 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մոն Լա Սալ դպրոցի խումբին, անցաւ յաջորդ հանգրուան:  Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքին հայկական դպրոց մը կը հասնի աւարտական փուլերուն: Յաղթանակէն ետք, համակիրներուն ուրախութիւնը…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, 6 Մարտ 2025-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն: Կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան խօսեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի առաքելութեան մասին, եւ թէ ինչպիսի աշակերտներ կը յաճախեն հոն: Ան ըսաւ, որ անոնք տարբեր կարողութիւններով օժտուած աշակերտներ են եւ սովորական դպրոց յաճախող աշակերտներուն նման ունին համահաւասար…