ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «FUTSAL»-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

17 Յունուար 2019-ին, Հայաստանի «futsal»-ի ներկայացչական խումբը այցելեց Ճեմարան: Լսարանական միութեան աշակերտներս ծանօթացանք իւրաքանչիւրին, ապա խմբապետը ներկայացուց խումբը եւ խօսեցաւ իրենց փորձերուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ կարեւոր մրցաշարքերուն եւ խաղերուն մասին: Վերջապէս առիթը ունեցանք մեզ հետաքրքրող հարցումներ ուղղելու:

ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի 27 Դեկտեմբեր 2018-ին, լսարանականները տօնեցին կաղանդը մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2018-ին Թ. դասարանի եւ Լսարանական Միութեան աշակերտները նշեցին Համազգայինի 90-ամեակը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ժ. դասարանէն Պետօ Գալուստեան: Յայտագիրը սկսաւ Լսարանական Միութեան նուագախումբի հայկական նուագներով, ապա խումբ մը աշակերտներ խանդավառութեամբ պարեցին: Օրուան բանախօսն էր Ճեմարանի ուսուցիչ Նորա Թաշճեան, որ Համազգայինի ծրագրի առաջին բաժինը կարդալէ ետք…

ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած առաջին խրախճանքը տեղի ունեցաւ 10 Նոյեմբեր 2018-ին: Լսարանականները պարեցին, երգեցին ու զանազան խաղերով հաճելի ժամանակ անցուցին ճոխ մթնոլորտի մէջ:

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2018-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ1. Դասարանէն՝ Էտուարտ Թաշճեան -Ժ2. Դասարանէն՝ Պետօ Գալուստեան -ԺԱ. գրականէն՝ Մարիա Եիրիքեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Արի Գրիգորեան -ԺԲ. գրականէն՝ Վանայ Պաքալեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Վարդգէս Վարագ Հաշէօլեան Լսարանական Միութեան աշակերտները 4 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը` ներկայութեամբ Լսարանական…

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈԳԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը կը հանդիսանայ կրթական այն հաստատութիւնը, ուր Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի շունչով ու ոգիով դաստիարակուած ճեմարանական երիտասարդները իրենց մեծ դերակատարութիւնը ունեցած են Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ: Ամէն տարի, Ճեմարանի մէջ, տարբեր բնոյթի ձեռնարկներով եւ աշխատանքներով կը նշենք ճեմարանական…

ԱՐՑԱԽԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏԻ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2018-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան կազմակերպած Արցախի գոյամարտի 30 ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները: Ձեռնարկը սկսաւ Արցախի քայլերգին ունկնդրութեամբ, ապա  տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք բացման խօսքը ընթերցեց Ժ. դասարանէն Շահան Հաւաթեան. ան Արցախի…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

7 եւ 8 Փետրուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած ձիւնագնացութիւնը, Ֆարայա շրջանէն ներս: Երկօրեայ յայտագրին առաջին օրը տեղի ունեցան արշաւ, զարգացման մրցում, բանավէճ, խարոյկ եւ տարբեր տեսակի խաղեր: Յաջորդ առտու, նախաճաշէն ետք, աշակերտական խմբակներով տեղի ունեցաւ «Rally Paper»-մը Ֆարայայի շրջանէն ներս: Աշակերտները տուն վերադարձան ընկերական լաւագոյն…

«ՔՈՒՆՀԱՏԻ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր «Քունհատի» (Kunhadi) կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։ 18 տարեկանին ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած Հատիին պատմութիւնը լսելէ ետք, աշակերտները իրազեկ դարձան ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններուն եւ ճանապարհային արկածներու պատճառներուն ու անոնց հասցուցած վնասներուն։ Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ գործնական աշխատանքով մը։ Աշակերտները յուզուած, բայց գոհունակութեան զգացումով տուն մեկնեցան։

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2018-ին, Ճեմարան այցելեց երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան: Ան տնօրէնութեան հետ կարճ հանդիպումէ մը ետք, շրջեցաւ դպրոցին մէջ ու տեսակցեցաւ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ: Ժամը 1:30-ին Վահէ Պէրպէրեան Լսարանական Միութեան հիւրն էր: Աւարտական դասարանէն Ռազմիկ Տէրունեան ներկայացուց զինք, ապա տեղի ունեցաւ հաճելի զրոյց մը. ան պատասխանեց աշակերտներուն…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան, Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, ժամը 11:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի երկրաշարժին յիշատակին առիթով ձեռնարկ մը, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն ներկայութեամբ: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէ մը ետք, ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը երկրաշարժին մասին: Երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, Լուիզա Պապոյեան Ազէզեան Լսարանական Միութեան աշակերտներուն խօսեցաւ արհեստագիտութեան վնասներուն մասին: Դասախօսութեան աւարտին, Պապոյեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: