ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

7 եւ 8 Փետրուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած ձիւնագնացութիւնը, Ֆարայա շրջանէն ներս:

Երկօրեայ յայտագրին առաջին օրը տեղի ունեցան արշաւ, զարգացման մրցում, բանավէճ, խարոյկ եւ տարբեր տեսակի խաղեր: Յաջորդ առտու, նախաճաշէն ետք, աշակերտական խմբակներով տեղի ունեցաւ «Rally Paper»-մը Ֆարայայի շրջանէն ներս:

Աշակերտները տուն վերադարձան ընկերական լաւագոյն յիշատակներով: