ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2018-ին Թ. դասարանի եւ Լսարանական Միութեան աշակերտները նշեցին Համազգայինի 90-ամեակը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ժ. դասարանէն Պետօ Գալուստեան: Յայտագիրը սկսաւ Լսարանական Միութեան նուագախումբի հայկական նուագներով, ապա խումբ մը աշակերտներ խանդավառութեամբ պարեցին:

Օրուան բանախօսն էր Ճեմարանի ուսուցիչ Նորա Թաշճեան, որ Համազգայինի ծրագրի առաջին բաժինը կարդալէ ետք բացատրեց Համազգայինի նպատակը եւ անդրադարձաւ միութեան հիմնադրութեան պատմութեան: Վերջապէս զրոյց մը ունեցանք Լսարանական Միութեան պատասխանատուներէն Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեանի հետ, թէ ի՛նչպէս կրնանք ներդրում ունենալ (կամ արդէն ունինք) Համազգայինի գործունէութեան մէջ եւ շարունակել անոր երթը:

Նարօտ Մերտխանեան

ԺԲ. գիտական