ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2013-ին Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին միութեան նախագահը՝ Ալիք Գանտահարեան, ներկայացուց միամեայ նախնական ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները: Frankfurther night, Կաղանդի խրախճանք, Ձիւնագնացութիւն, Բարեկենդան, Խորովածի երեկոյ, Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100 ամեակի նշում, Զարգացման մրցում,Արցախեան ազատագրութեան նուիրուած ձեռնարկ: Լսարանական Միութեան պատասխանատու Պրն. Վաչէ…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2013-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ «Tai Ji Chuan»-ի աշխարհի ախոյեան Աւետիս Սերոբեան: Ան մէկ պահուան ընթացքին տեսերիզներու ընդմէջէն ներկայացուց իր մարզաձեւը՝ «Kung Fu Wushu»ն: «Tai Ji Chuan»-ը հիմնուած է հաւասարակշռութեան, ուժի եւ ճկունութեան սկզբունքներու վրայ: Աշակերտները լրջօրէն եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկայացումին:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2013-ին Լսարանական Միութեան առաջին դասախօսն էր Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի եւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի նախկին տնօրէն, արուեստաբան՝ Շահէն Խաչատրեան: Ան «Եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան մէջ» բնանիւթը ներկայացուց սահապատկերներու ցուցադրութեամբ, որոնք կ’ակնարկէին 1894-96-ի համիտեան ջարդերուն եւ 1915-ի ցեղասպանութեան: Շահէն Խաչատրեան ներկայացուց նաեւ Այվազովսկիի գործերէն, ապա՝ Վարդգէս Սոըրէնեանցի,…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2013-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Լեթիսիա Գարտաշեան եւ Ալիք Գամպուրեան -ԺԱ. գրականէն՝ Զոհրապ Մղտեսեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Գրիգոր Յակոբեան -ԺԲ. գրականէն՝ Ռիթա Թոքաթլեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Շանթ Տէրունեան Մէկ շաբաթ ետք, աշակերտները ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը ներկայութեամբ Պրն. Վաչէ Ծատուրեանի։ Լսարանական…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2013-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան 2012-2013 տարեշրջանի երկրորդ եւ վերջին ընդհանուր ժողովը։ Լսարանական Միութեան նախագահ Սերժ Ղարիպեան ներկայացուց միութեան այս տարուան ծրագիրն ու գործունէութիւնը, որուն արժեւորումը կատարուեցաւ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն կողմէ։ Մեծամասնութեամբ իրագործուած են ծրագրին մէջ ընդգրկուած ձեռնարկները։ Վարչութեան գանձապահ Նիկոլ Ալեքսանդրեան ներկայացուց հաշուեկշիռը։ Վարչութեան…

Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 25 ԱՄԵԱԿ

Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2013-ին, Լսարանականի պահը յատկացուեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 25 ամեակին։ Ձեռնարկի սկիզբը խօսք առաւ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ ներկայացուց դպրոցի պատմութիւնը Նշան Փալանճեան Ճեմարանի օրերէն սկսեալ։ Երկրի անապահով վիճակով հանդերձ, այսօրուան Ճեմարանի կառոյցը իրականացաւ մաս առ մաս, երբեմն նոյնիսկ աշակերտներու օգնութեամբ՝ հիմնուելով Ճեմարանի հիմնադիրներուն…

ԳԱԳԻԿ ԿԻՆՈՍԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 16 Յունուար 2013-ին, Լսարանական Միութիւնը ընդունեց իւրայատուկ հիւր մը՝ պարուսոյց Գագիկ Կինոսեանը։ Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց արեւելահայ պարուսոյցը։ Գագիկ Կինոսեան գիտութեան, յատկապէս՝ ուսողութեան մասնագէտ է, ինչպէս նաեւ՝ ազատամարտիկ։ Ան մեծ փափաք ունեցած է մօտէն ծանօթանալու հայկական պարին, հետեւաբար մտած է այդ ասպարէզին մէջ։ Տնօրէնին բարի գալուստի…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Դեկտեմբեր 2012-ին, Լսարանականի պահուն Ճեմարան այցելեց ՀՄԸՄ Պէյրութի երկրորդ դասակարգի պասքէթպոլի խումբը: Հանդիպումին ընթացքին, աշակերտները ծանօթացան խումբի իւրաքանչիւր մարզիկին եւ խումբին մէջ ստանձնած անոր դերին: Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ պասքէթպոլի ընկերային խաղ մը Ճեմարանի աշակերտներուն եւ հիւր մարզիկներուն միջեւ:

“PASTA NIGHT”

Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան անդամական խրախճանքը՝ “Pasta Night”, կազմակերպութեամբ Լսարանականի վարչութեան։ Ճոխ, խանդավառ ու հաճելի մթնոլորտի մէջ աշակերտները համտեսեցին իտալական ճաշեր եւ աղցաններ։ Սերժ Ղարիպեան ԺԲ. դասարան

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՄԲԱԿՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2012-ին, Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը սկսաւ իր խմբակային աշխատանքներուն։ Այս տարի Լսարանական Միութիւնը բաժնուած է 7 տարբեր խմբակներու, որոնց մաս կը կազմեն աշակերտները՝ ըստ իրենց նախասիրութիւններուն։ Ստորեւ Լսարանական Միութեան 2012-2013 տարեշրջանի 7 խմբակները. Հայկական ձեռագործ (Պատասխանատու՝ Հուրի Գէորգեան) Հայկական երաժշտութիւն (Պատասխանատու՝ Մարիա Պարտիզպանեան) Ժամանակակից երաժշտութիւն (Պատասխանատու՝…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2012-ին, դպրոցի ուսուցիչ Ճորճ Գրիգորեան Լսարանական Միութեան աշակերտութեան դասախօսեց աղէտներու կանխարգիլման զանազան ձեւերուն մասին։ Դասախօսը բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կարելի է խուսափիլ բնութեան աղէտներու մեծ մասէն, պարզապէս գիտնալով, թէ ի՛նչպէս պէտք է հակազդել։ Դասախօսութեան աւարտին աշակերտները իմացան, թէ գիտակից միտքի պատրաստութիւնը անհրաժեշտ է որեւէ աղէտ կանխարգիլելու…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2012-ին, դպրոցիս տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան Լսարանական Միութեան աշակերտութեան դասախօսեց հայկական ցեղասպանութեան մասին։ «Ցեղասպանութիւն» բառին իմաստը բացատրելէ ետք, տնօրէնը ներկայացուց տարբեր երկիրներու կեցուածքը ցեղասպանութեան հանդէպ։ Ապա ան խօսեցաւ հայ ժողովուրդին վրայ տեղահանութեան ձգած հետքերուն մասին։ Ան շեշտեց հայ աշակերտին կատարելիք դերը պահանջատիրութեան զանազան աշխատանքներուն մէջ։ Իր…