«ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ-2015»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Պզտիկ Մզտիկ մանկապատանեկան յաւելուածի «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակաբաշխութիւնը: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. Դ. դասարանէն Լոռի Մխճեան (1 սխալ) եւ Շանթ Յովակիմեան (2 սխալ) Ե. Դասարանէն Կլօրիա Ժալըֆեան (1 սխալ) Զ. դասարանէն Հրակ Լախեան եւ Մարիա Գափլանեան (անսխալ), Ցօղիկ Թրթռեան (1 սխալ), Փաթիլ Զարմէնեան եւ Վառակ-Նարեկ Մանուկեան (2 սխալ)