ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

«Աղբիւր» բանաստեղծութիւնը մղեց Ը. դասարաններու աշակերտները, որ ուսումնասիրեն Դանիէլ Վարուժանի կեանքն ու գործերը եւ տեսասալիկներու վրայ խոյզեր պատրաստեն անոր կեանքին ու գործերուն մասին: Բծախնդրութեամբ պատրատուած եւ լրջօրէն կատարուած այս ներկայացումներէն ետք անոնք պատասխանեցին իրենց դասընկերներուն հարցումներուն: Խիստ շահեկան, գնահատելի ու հետաքրքրական էին աշակերտներուն ներկայացումները:

«ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԵՒ «ՊԵՂՈՒՄ»

Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2013-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական հնութիւններու վայրը։ Անոնք դիտեցին յայտնաբերուած հնութիւնները եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին նախաբնիկներու եւ պեղումներու վերաբերող իրենց ստացած գիտելիքները։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՆԹԻԼԻԱՍ»-Ի ԳԵՏ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2013-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետ՝ ամրապնդելու «Անուշ ջուրի միջավայր»ի մասին իրենց ստացած գիտելիքները։ Աշակերտները դիտեցին գետին ընթացքը, ծանօթացան հոն աճող բոյսերուն, ինչպէս նաեւ այցելեցին գետին միւս ափը գտնուող լիբանանեան ոճով կառուցուած հին տուն մը, որ կը գործէ իբրեւ ջաղացք։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԷՋԱՑՈՅՑ

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2013-ին, Դ. դասարաններու աշակերտները հայերէն լեզուի դասատուին ընկերակցութեամբ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը՝ Թարգմանչաց տօնին առիթով: Անոնք պատրաստեցին հայերէն տառերով ու հայկական նկարներով զարդարուած էջացոյցներ, զորս զետեղեցին իրենց հայերէնի դասագիրքերուն մէջ:

ՄԻԱՍԻՆ ՆԱԽԱՃԱՇԵՆՔ

Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան նախակրթարանի Ե. դասարաներու 45 աշակերտները միասնաբար նախաճաշեցին, ապա սկսան իրենց դպրոցական առօրեային: Զոյգ դասարաններու դաստիարակներուն նախաձեռնութեամբ եւ գործադրութեամբ տեղի ունեցած նախաճաշը կը նպատակադրէ աշակերտները համախմբել մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, զարգացնելու համար ընկերասիրութիւնը:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (AUB)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Միրա Համզէ եւ Սապին Մելքիսէթեան ԺԲ. Դասարանի աշակերտներուն ներկայացուցին համալսարան ընդունման անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։ Ներկայացման աւարտին անոնք պատասխանեցին աշակերտներուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2013-ին մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը՝ ամրապնդելու համար գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2013-ին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Մեղրի Խօշեան ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց L.A.U. –ի տարբեր մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ աշխատանքի կարելիութիւններուն մասին։ Ան շեշտեց, որ L.A.U համալսարանը կրթանպաստի զանազան դիւրութիւններ կու տայ ուսանողներուն։ Ներկայացման աւարտին, Խօշեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2013-ին Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ։

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2013-ին, հայերէնի դասապահուն, ութերորդ դասարանի աշակերտներէն՝ Նանի Գալուստեան, իր դասընկերներուն խօսեցաւ Թարգմանչաց տօնին մասին, որուն շնորհիւ հինգերորդ դարը դարձած է հայոց պատմութեան Լուսաւորութեան Ոսկեդարը: Ան ներկայացուց Հայաստանի իրավիճակը եւ ընդգծեց Թարգմանչաց սերունդին կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը: Նանին նշեց, որ Հայոց Պատմութեան մեծագոյն տօնն է «Սրբոց Թարգմանչաց»ը,…

“L’ALPHABET EN CHANTANT”

Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2013-ին տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները մեծ հաճոյքով կատարեցին իրենց վերաքաղ-դասը՝ ուշիմ գրատախտակով (Smart Board):