ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Չորեքշաբթի 27 Նոյեմբեր 2013-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Bou Khalil» եւ ծանօթացան հանրախանութի տարբեր բաժիններուն: Հինգշաբթի առաւօտեան, նախաճաշի պահուն, աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց գնած սննդարար ուտելիքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Գարագաշեան սրահին մէջ Ճեմարանի բոլոր աշակերտներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւնը: Աւարտական դասարանի աշակերտ Արթիւր Մկրտիչ բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ներքին ապահովութեան ուժերու նուագախումբին, որմէ ետք սկսաւ յայտագիրը: Նուագախումբը գնդապետ Զիատ Մրատի ղեկավարութեամբ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱՀՐ ԷՐ ՔԵԼՊ

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2013-ին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Նահր Էլ Քելպ։ Արաբերէն լեզուի ուսուցչուհին կարդաց հոն զետեղուած բարձրաքանդակներուն արձանագրութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւնները տուաւ՝ Լիբանանի անկախութեան պատմութեան ու անձնաւորութիւններուն մասին, ապա աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի 20 եւ Հինգշաբթի 21 Նոյեմբեր 2013-ին, Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրեակին, նախակրթարանի աշակերտները Լիբանանի անկախութեան պատմութիւնը վերաքաղ ըրին արաբերէն լեզուի դասատուին եւ համադրողին հետ: Անոնք երգեցին Լիբանանի քայլերգն ու ազգային քանի մը երգեր եւ դիտեցին Լիբանանի անկախութեան մասին կարճ տեսերիզ մը:

ՀԱՑ ՈՒ ՊԱՆԻՐ

Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2013-ին, զբօսանքին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները համտեսեցին իրենց բերած պանիրի տեսակներն ու քաղցրեղէնը: Այս նախաձեռնութեամբ աշակերտները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ամրապնդեցին ֆրանսերէն լեզուի դասանիւթին ընթացքին խոհագիրներու վերաբերեալ երենց ստացած գիտելիքները:

ԳԱՂԹՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները գաղթող թռչուններ շինեցին: Հայերէն լեզուի դասապահուն կատարուած ձեռային այս աշխատանքը կ’առնչուի աշնան բնաբանին:

ԱՐՄԱՒԸ

Մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր, 2013-ին այցելեցին դպրոցին մօտակայ պարտէզ մը։ Նոյեմբեր ամսուան կեդրոնական նիւթերէն մէկուն՝ արմաւին լաւապէս տիրապետելէ ետք, փոքրիկները դիտեցին պարտէզին մէջ գտնուող արմաւենիները, ապա վերադարձան դպրոց։ Տեսնելը չի բաւեր… պէտք է շօշափել ու համտեսել։ Անոնք մեծ ախորժակով կերան թարմ արմաւը:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (USJ)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2013-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ընդունման գրասենեակէն Փիէռ Նաժըմ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց համալսարանի պատմականը եւ խօսեցաւ հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին։ Ան դիտել տուաւ, որ կրթանպաստի լայն կարելիութիւններ կան մասնաւորաբար հիւանդապահութեան մասնագիտութեան։ Ներկայացման աւարտին, Փիէռ Նաժըմ պատասխանեց…

ԴԷՊԻ «ՊԱԱՊՏԱ ԱՆՏԱՌ»

Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2013-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները գացին «Պաապտա» անտառ (Baabda forest): Անոնք ծանօթացան անտառի տեսակաւոր ծառերուն եւ կարգ մը անասուններու: Բոլոր աշակերտները դափնիի չաչ ցանեցին եւ թաղարները տուն տարին: Այս այցելութեան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան հրշէջի տարազին, ինչպէս նաեւ՝ հրդեհի մը պատճառներուն ու կանխարգիլման միջոցներուն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2013-ին, տարրական բաժինի երրորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին «Կիլիկիա» թանգարանը, ապա ուղղուեցան դէպի մատենադարան: Շնորհակալութիւն հայր Պարոյր Շերնէզեանին, որ բացատրութիւններով հարստացուց աշակերտներուն գիտելիքները: