ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Գարագաշեան սրահին մէջ Ճեմարանի բոլոր աշակերտներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւնը: Աւարտական դասարանի աշակերտ Արթիւր Մկրտիչ բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ներքին ապահովութեան ուժերու նուագախումբին, որմէ ետք սկսաւ յայտագիրը: Նուագախումբը գնդապետ Զիատ Մրատի ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ երգիչներ Քարոլ Աունի, Նիսրին Ալ Հիւսնիի եւ Շատի Այտամունիի լիբանանեան ազգային եւ հայրենասիրական երգերով ամբողջ ժամ մը խանդավառեց ներկաները, որոնք գոհունակութամբ մեկնեցան սրահէն: