ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Ուրբաթ, 25 Փետրուարին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան զարգացման մրցանքի մը, որ կ՚ընդգրկէր իրենց աշխարհագրութեան դասանիւթին վերաբերող հարցումներ։ Չորսական հոգիէ բաղկացած հինգ խմբակներով աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան մրցանքին եւ ամրապնդեցին 2010-2011 տարեշրջանի սկիզբէն մինչեւ այսօր իրենց ստացած աշխարհագրական գիտելիքները։ Մրցանքի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ նուէր ստացաւ գրիչ մը, իսկ առաջին…

«ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԽԱՂԱՆՔ»

Երկուշաբթի 21 եւ Երեքշաբթի 22 Փետրուարին, տարրական բաժինի աշակերտները բախտը ունեցան ծանօթանալու ընկերային ծառայող տիկին Ալին Թաշճեանին, որ հետաքրքրական պատմութիւններու եւ զրոյցի, երկխօսութեան ընդմէջէն արծարծեց «համաձայն խաղանք»ի, բաժնեկցելու գաղափարը։ Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցած այս հանդիպման ընթացքին, տիկին Թաշճեան անդրադարձաւ ընկերասիրութեան, այդ տարիքի աշակերտներուն փոխյարաբերութեան դրական…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարութեան առողջապահական դաստիարակութեան բաժնին, 11-էն 13 Յունուարին, տեղի ունեցաւ առողջապահական խորհրդաժողով մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ դպրոցիս հիւանդապահուհին՝ օրիորդ Քրիստին Մխճեանը։ Այս խորհրդաժողովին քննարկուեցան թմրամոլութեան, միասեռականութեան եւ դպրոցական տարիքի աշակերտներու առողջապահական, հոգեկան եւ ընկերային հարցեր, ինչպէս նաեւ առաջարկուեցան կեցուածքի եւ վերաբերումի որոշ եղանակներ՝…

ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կազմակերպած է երգահանդէս մը:Ելոյթ կ’ունենան հայրենի երգիչներ Լէյլա Սարիբէկեան, Արսէն Գրիգորեան(Մրրօ) եւ Մակիչ: Տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 6 Մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ, Տպպայէ: Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգային գրախանութ, Պուրճ Համուտ: Սակ՝ 15,000, 25,000 եւ 35,000 լ.ո. ԾԱՆՕԹ: Տոմսերը…

ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Փետրուար ամսուան ընթացքին, տարեկան առողջապահական ընթացիկ քննութիւններու ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի դասարաններու աշակերտներուն ակռաներու ընդհանուր քննութիւնը՝ ատամնաբոյժ եւ վիրաբոյժ Տոքթ. Գարմէն Պոյաճեան-Մխճեանի կողմէ, հիւանդապահուհի օրիորդ Քրիստին Մխճեանի ներկայութեամբ եւ հսկողութեամբ։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան եւ մասնակցութեամբ 150 շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ բարեկամներու, շաբաթ, 19 փետրուար 2011-ին, Ճեմարանի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ճոխ մթնոլորտով հաւաքոյթ մը: 2002-ի շրջանաւարտ Իվոն Այվազեան հայերէն երգերով մասնակցեցաւ գեղարուեստական յայտագրին: Հայկական շուրջպարով ներկաները խանդավառեցին մթնոլորտը մինչեւ ուշ ժամեր:

ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԽՕՍԻՆՔ

Հինգշաբթի, 10 Փետրուարին Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին ֆրանսերէն լեզուի տեղեկատուական հատուածի դասին ծիրէն ներս իրենց կատարած ուսումնասիրական խմբակային աշխատանքը։ Առիւծը, թիթեռնիկը, վագրը, նապաստակը եւ այլ անասուններ դարձան խօսուն եւ իրենք զիրենք ներկայացուցին ֆրանսերէն լեզուով։ Իւրաքանչիւր խմբակ իր ընտրած անասունին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով յաջողեցաւ զարգացնել դասընկերներուն գիտելիքներն ու…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Փետրուար ամսուան առաջին շաբաթը նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդական բաժինի աշակերտները զբաղած էին իրենց քննութիւններով, մինչ դպրոցական առօրեայ կեանքը կը շարունակուէր մանկապարտէզի, տարրական բաժինի ու Դ. դասարանին մէջ։ Տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները այցելեցին իրենց «հին դպրոցը» եւ «հին ընկերներուն»՝ կանաչ դասարանի աշակերտներուն հետ ժամանակ անցուցին, միասին ճաշեցին ու…