ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒՆ

Յուլիս 2022-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը, որոնց մասնակցեցան բազմաթիւ ճեմարանականներ թէ՛ իբրեւ անձնակազմ եւ թէ իբրեւ մարզիկ:

Ճեմարանական մարզիկներն են.

Լէա Պուտաքեան (5 ոսկի մետալ, մրցանակակիր), Միկէլ Խանճեան (2  ոսկի եւ 2 արծաթ մետալ), Արմէն Եղիայեան (2  ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալ, մրցանակակիր), Օրօր Թիքիճեան (1  ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալ), Ալիք Քէշիշեան (1  ոսկի, 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալ), Վարագ Պալապանեան (1  ոսկի, 1 արծաթ մետալ), Հրակ-Դրօ Կիւրիւնլեան (2 պրոնզ մետալ, մրցանակակիր), Պետիկ Կէօվշէնեան, Սերժ Օհաննէսեան, Շահան Նաճարեան, Նանոր Հէյպէլեան, Միրնա Կէօվշէնեան, Նարօտ Կիւրիւնլեան, Հրակ Գէորգեան, Կարին Եղիայեան, Լիլա Մաքտեսեան, Հայկ Թենպէլեան:

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու անձնակազմի ճեմարանականներն են.

Վաչէ Նաճարեան՝ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, Վահան Համամճեան, Շանթ Թորիկեան եւ Արի Կարպուշեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի պատասխանատուներ,  Մհեր Պոյաճեան՝ ՀԱՍԿ պասքեթպոլի պատասխանատու, Նժդեհ Մկրտիչեան՝ քարոզչական յանձնախումբ, Քրիստ Բրուտեան՝ անձնակազմի օգնական:

COMMUNIQUÉ DE PRESSE

 

La Fondation Arslanian coopère avec la garderie Raffi & Anelga Arslanian de Hamaskaïne par le biais de donations

La Fondation Arslanian, une organisation à but non lucratif basée en Belgique et fondée en 2020 par la plus jeune génération de la famille Arslanian pour soutenir diverses communautés arméniennes, prend l’initiative d’aider les familles à envoyer leurs enfants à la garderie Raffi & Anelga Arslanian de Hamaskaïne.

Cette initiative a été motivée par les récentes crises humanitaires au Liban et représente l’engagement indéfectible de la famille envers les générations futures.

La Fondation accordera des bourses à un maximum de 100 enfants inscrits à la garderie à partir d’août 2022 et un plan alimentaire composé de 3 repas et de 2 collations pendant 7 jours par semaine. Il fournira également un minibus pour le transport de ces enfants. En plus de cela, la Fondation financera les coûts de création d’un nouveau site web multilingue pour la garderie.

« Je suis très heureux d’offrir cette possibilité aux enfants, de pouvoir assister à la garderie Raffi & Anelga Arslanian de Hamaskaïne », a déclaré M. Sahag Arslanian, membre du conseil d’administration de la Fondation. « La Fondation croit que chaque enfant mérite d’avoir le meilleur départ dans sa vie et d’obtenir un soutien solide afin d’exploiter entièrement son potentiel ».

« L’objectif de notre garderie est de fournir des soins et une éducation de haute qualité aux enfants, une base sûre pour l’apprentissage dans un environnement encourageant, sûr et stimulant sous la direction et la supervision d’un personnel professionnel. Grâce au don de la Fondation Arslanian, de nombreux enfants pourront se rendre à notre garderie », a déclaré la directrice du collège Melankton et Haïg Arslanian, Mme Paola Yeghiayan, de la part de la garderie Arslanian.

L’association culturelle et éducative arménienne de Hamaskaïne est une organisation à but non lucratif qui promeut les objectifs éducatifs et culturels des Arméniens.

La garderie Raffi et Anelga Arslanian a ouvert ses portes en avril 2018. Elle accueille des enfants de trois mois à trois ans dans ses installations ultramodernes situées à Mezher, Antelias. La garderie est complétée par le cycle maternel Norsiguian de la Croix de Secours Arménienne du Collège Melankton et Haïg Arslanian (Djemaran) qui accueille à son tour des enfants de 3 à 6 ans et qui est suivie par le Collège, une institution quadrilingue qui forme les étudiants au double baccalauréat (libanais et français), et dont l’enseignement s’étale de la CP à la terminale. Ces trois peuvent accueillir ensemble jusqu’à 1000 élèves.

FONDATION ARSLANIAN

8/3/2022

PRESS RELEASE

Arslanian Foundation Partners with Hamazkayin’s Raffi & Anelga Arslanian Nursery Through Donation

Arslanian foundation, a Belgium-based non-profit organization, which has been founded by the youngest generation of the Arslanian Family in 2020 to support various causes for the Armenian communities, takes the initiative to help families to send their children to Hamazkayin’s Raffi & Anelga Arslanian Nursery.

This initiative has been prompted by the recent humanitarian crises in Lebanon, and represents the Family’s unwavering commitment to the future generations of its home-country.

The foundation will be providing scholarships for up to 100 children enrolling in the nursery starting August 2022 and a food plan consisting of 3 meals and 2 snacks for 7 days/week. It will also provide a minibus for the transportation of these children. In addition, the foundation will finance the costs of creating a new and multilingual website for the nursery.

“I am very happy to provide this opportunity for the children to be able to attend Hamazkayin’s Raffi & Anelga Arslanian Nursery,” said Mr. Sahag Arslanian, Foundation’s board member. “The Foundation believes that every child deserves the best possible start in life and support to his/her full potential.”

“The aim of our nursery is to provide high quality care and education for children, a secure foundation for learning in an encouraging, safe, and nurturing environment under the guidance and supervision of professional staff. Thanks to Arslanian Foundation’s donation, many children will be able to attend our nursery,” said the principal of Hamazkayin Melankton and Haig Arslanian College, Mrs. Paola Yeghiayan, on behalf of Raffi and Anelga Arslanian Nursery.

Hamazkayin’s Armenian Educational and Cultural Society is a non-profit organization furthering educational and cultural goals of Armenians and is governed by democratic principles.

The Hamazkayin Raffi and Anelga Arslanian Nursery School was founded in April 2018. It welcomes children from three months to three years of age in its state-of-the-art facility located in Mezher, Antelias. It completes the A.R.S. Norsigian Kindergarten which welcomes children from 3 years to 6 years old as well as the Melankton and Haig Arslanian Djemaran from Grade 1 to Grade 12, a quadrilingual (Armenian, Arabic, French, and English) institution that prepares students for dual Baccalaureates (Lebanese and French). All these 3 divisions combined can accommodate up to 1000 students.

ARSLANIAN FOUNDATION

8/3/2022

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արսլանեան հիմնարկութիւնը նուիրատուութիւններու միջոցով կը համագործակցի Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին հետ:

Արսլանեան հիմնարկութիւնը, Պելճիքայի մէջ գործող ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մը, որ հիմնադրուած է 2020 թուականին Արսլանեան ընտանիքի ամենաերիտասարդ սերունդին կողմէ՝ աջակցելու համար հայկական տարբեր համայնքներու, մասնաւորաբար կը նախաձեռնէ օգնել ընտանիքներուն՝ ուղարկելու իրենց երեխաները Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուր:

Այս նախաձեռնութիւնը բխած է Լիբանանի այժմու ճգնաժամային կացութենէն եւ կը ներկայացնէ Արսլանեան ընտանիքի աներեր յանձնառութիւնը ապագայ սերունդներուն նկատմամբ:

Հիմնարկութիւնը կը հոգայ Օգոստոս 2022-էն սկսեալ մանկամսուր արձանագրուող 100 երեխաներու կրթաթոշակը, ներառեալ սնունդը շաբթուան եօթը օրերուն ընթացքին՝ օրական երեք գլխաւոր ուտելիք (meal) եւ երկու նախուտեստ (snack): Հիմնարկութիւնը երեխաներուն կը տրամադրէ նաեւ մանկամսուր յաճախելու անհրաժեշտ փոխադրամիջոցը: Այս բոլորին զուգահեռ, Արսլանեան հիմնարկութիւնը կը հոգայ մանկամսուրի նոր եւ բազմալեզու կայքէջի մը ստեղծման աշխատանքներուն ծախսերը:

«Շատ ուրախ եմ այս առիթը ընձեռելու երեխաներուն, որպէսզի անոնք կարենան յաճախել Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր»,- կ’ըսէ հիմնարկութեան խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Սահակ Արսլանեան: «Հիմնարկութիւնը կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր երեխայ արժանի է կեանքի լաւագոյն մեկնարկին եւ կ’աջակցի իրենց իր ամբողջ կարողականութեամբ»:

«Մեր մանկամսուրին նպատակն է երեխաներուն ապահովել բարձրորակ խնամք եւ կրթութիւն, խրախուսող, անվտանգ եւ դաստիարակիչ միջավայրի մէջ՝ արհեստավարժ անձնակազմի ղեկավարութեամբ եւ հսկողութեամբ: Շնորհիւ Արսլանեան հիմնարկութեան նուիրատուութեան, բազմաթիւ երեխաներ կը կարողանան յաճախել Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր»,- մանկամսուրի անունով հաստատեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւնը ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն է, որ կը նպաստէ աշխարհասփիւռ հայերու կրթական եւ մշակութային նպատակներուն իրագործման եւ կը ղեկավարուի ժողովրդավարական սկզբունքներով:

Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը իր դռները բացաւ Ապրիլ 2018-ին: Ան կ’ընդունի երեք ամսականէն երեք տարեկան երեխաներ իր արդիական կառոյցին մէջ, որ կը գտնուի Անթիլիաս, Մըզհեր: Մանկամսուրին շարունակութիւնը Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզն է, որ կ’ընդունի երեք տարեկանէն վեց տարեկան երեխաներ, այնուհետեւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի առաջին դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարաններն են, քառալեզու հաստատութիւն մը, որ աշակերտները կը պատրաստէ երկու պաքալորէաներու՝ ֆրանսական եւ լիբանանեան: Այս երեք կառոյցները միասնաբար կրնան ընդունիլ մինչեւ 1000 աշակերտ:

ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

8/3/2022

 

 

«Ալիս Գազանճեան» սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւն եւ յիշատակի երեկոյ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի «Ալիս Գազանճեան» սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւն եւ յիշատակի երեկոյ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Հերա Սաղրեան-Քիթապճեան. ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը, որ սկսաւ օրիորդ Ալիսին նուիրուած տեսերիզով մը: Ապա Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան եւ Կարօ Գրիգորեան դաշնամուրի վրայ ներկայացուցին նուագներ, որոնք յատուկ դրոշմ մը ձգեցին ներկաներուն վրայ: Ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան իրմէ խնդրուած սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ օրիորդ Ալիս Գազանճեան մինչեւ վերջին տարիներուն եղած է տնօրէնութեան խորհրդատու`, յայտնելով անկեղծ տեսակէտեր, թէկուզ զուսպ ձեւով:

Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:

 

ՔՈՒՃԱՔԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՒ ՎԵՐԺԻՆ ՔՈՒՃԱՔԵԱՆՆԵՐՈՒ

Մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Ճեմարանի բարերարներէն` Տէր եւ Տիկ.  Յակոբ եւ Սոնիա Գուճաքեանները, ի շարս զանազան այլ նուիրատուութիւններու, մեզի յայտնած են, թէ Գուճաքեան հիմնարկութիւնը որոշած է իրենց ծնողաց` Աբրահամ եւ Վերժին Քուճաքեանի յիշատակին, յառաջիկայ քառամսեայ ժամկէտով (Յուլիսէն – Հոկտեմբեր 2022-ի աւարտ) Ճեմարանին կատարուող նուիրատուութիւններու գումարը կրկնապատկել, առաւելագոյնը մինչեւ 25.000$-ով։

Մեր սիրելի շրջանաւարտներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն կոչ կ’ուղղենք, որ մասնակցին այս արշաւին, եւ անգամ մը եւս միասնական ճիգերով կարենանք օգտակար ըլլալ հայ դպրոցին, հայ աշակերտին եւ հայեցի դաստիարակութեան։

Ձեր նուիրած 1 ամ. տոլարը պիտի կրկնապատկուի մեր բարերարին կողմէ, ուրեմն օ՜ն յառաջ, բացուած կը յայտարարենք այս մարտահրաւէրը։

Նուիրատուութեան համար սեղմել` https://djemaran.edu.lb/doubleyourdonations/

 

We are happy to announce that Djemaran benefactors Hagop and Sonia Koujakian have informed us that, through their foundation, the Koujakian Foundation, they will match, on a dollar-for-dollar basis, any direct donation in USD to benefit Djemaran, up to a total of $25,000, over the coming four months (July through October 31, 2022) in memory of their parents Apraham and Verjine Koujakian.

We ask our dear alumni, parents, benefactors, and friends to participate in this campaign so that, together, we can help our school, student body, and education system.

Every U.S. dollar you contribute will be matched by our benefactors, so let’s do it, let’s meet the challenge.

You can contribute in USD through https://djemaran.edu.lb/doubleyourdonations/

 

Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Քուճաքեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Քուճաքեան

 

 

«ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ԼՈՌԻ ԱՒԵՏԻՍ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՍԵՒԱԿ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ, ԼՈՌԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ՝ ՊԱՏՈՒՈՅ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքին Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտուհիներէն Լոռի Աւետիս հանդիսացաւ առաջին, իսկ Լոռի Յովսէփեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան: Երկրորդական բաժինէն Սեւակ Զարմէնեան հանդիսացաւ երրորդ: 

Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: 

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 23 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեանի, պետական դէմքերու, Քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Արամ Հանտեան: Ան ըսաւ. «Ճեմարան՝ փոքր անուն մը հզօր իմաստով։ Երբ Ճեմարան կ’ըսենք, կը զգանք շունչը եւ ոգին անոր հիմնադիրներուն, որոնք ստեղծեցին Ճեմարանը նպատակ ունենալով հայութեան պահպանումն ու գոյատեւումը օտարութեան մէջ։ Մինչեւ օրս այս դպրոցը կը ծառայէ այդ նպատակին։ Հետաքրքրական ինքնութիւն մըն է Ճեմարանական ըլլալը։ Հո՜ն մենք մեզ կը զգանք աշակերտէ աւելի հարազատ հոգեկապուած մեծ ընտանիքի անդամներ…»։ Ապա հակիրճ անդրադարձ մը կատարելէ ետք իր Ճեմարանի մէջ անցուցած օրերուն, ան երախտագիտական խօսքերով ցտեսութիւն յայտնեց բոլորին «ուխտավայր Ճեմարանին»: Ի վերջոյ, ան աւարտական դասարանին անունով խնդրեց իրենց ծնողներէն ոտքի ելլել, եւ իւրաքանչիւրը ծաղիկներ նուիրեց իր ծնողքին՝ արտայայտելով իրենց անհուն երախտագիտութիւնը անոնց: Բացման խօսքէն ետք, աւարտական դասարանի աշակերտները ներկաները հմայեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով: Շահան Նաճարեան դաշնամուրով նուագեց Ա. Պապաճանեանի «Մեղեդի»ն, որուն յաջորդեց Փաթիլ Զարմէնեանին նուագակցութեամբ Պապաճանեանի «Ազգ իմ փառապանծ» նուագը: Ապա խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ջահերթ» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն բաժիններ: Այնուհետեւ Կլօրիա Ժալըֆեան եւ Կարին Եղիայեան ընթերցեցին ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտուհիներ պարեցին «Պինկէօլ»-ը: Աւարտական դասարանին կողմէ «Ցտեսութիւն Ճեմարան»-ը ընթերցեց Լորի Եահնիյեան: Ան ըսաւ. «…Չեմ գիտեր արդեօք, պէտք է խնդա՞մ թէ լամ։ Ի՞նչպէս բաժնուիմ քեզմէ։ Այո՜, ճիշդ է, որ առաւօտները դժգոհելով կու գայի դպրոց. չէի սիրեր արթննալը, երկար ժամեր դաս սորվիլները, կը բարկանայի քեզմէ, կ’ըմբոստանայի, սակայն յաջորդ օրն իսկ դուն կը մոռնայիր այս բոլորը եւ զիս կ’ընդունէիր դարձեալ թեւերդ բաց, ներողամիտ աչքերով եւ ժպիտով։ Բայց գիտե՞ս, քեզի գաղտնիք մը ըսե՞մ, հիմա ալ դժգոհելով կը բաժնուիմ քեզմէ. Տխուր եմ, կը ցաւիմ. Տարօրինակ է, չէ՞։  Դուն ինծի սորվեցուցիր ըլլալ ընկերասէր, լայնամիտ, ազնիւ, տուիր շունչ սորվեցուցիր ձգտիլ մի՛շտ աւելիին, մի՛շտ դէպի յառաջ։ Տուիր ինծի սէր, գուրգուրանք, տաքուկ ուսուցիչներ եւ մանաւա՛նդ աննման ընկերներ…»։ Զգայացունց այս ընթերցումին աւարտին բեմ բարձրացան Վառակ-Նարեկ Մանուկեանը եւ Արմէն Եղիայեանը կիթառով, իսկ Արտակ Ասատուրեանը, Հրակ Լախեանը եւ Հրանդ Քիւրքճեանը երգելով եւ ներկայացուցին Ռուբէն Հախվերտեանի «Հին ընկեր» երգը, որ արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին: Յայտագիրը աւարտեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ՝ աւարտական դասարանի աշակերտներուն սրտի խօսքերու փոխանցումով:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Վառակ – Նարեկ Մանուկեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ Աւարտական դասարաններու գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակներուն: Աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակը ստացաւ Արմէն Եղիայեան: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակին արժանացան Նանար Այնթապլեան, Լորի Եահնիյեան եւ Ցօղիկ Թրթռեան: Աւարտական դասարանի անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Անթուան Քեհեայեանի «Սըր»-ի յիշատակի մրցանակը ստացան Ալիք Ահարութեան եւ Լարա Ալեքսանեան: Գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Արմէն Եղիայեան եւ Լիլա Մաքտեսեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Արամ Հանտեան: «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացան Մարիա Գափլանեան եւ Լորի Եահնիյեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ ընկերասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Շահան Նաճարեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր եւ հոգատար աշակերտի «Սերոբ Աֆարեան» մրցանակը ստացաւ Փաթիլ Զարմէնեան: ԺԲ. դասարանի յարատեւող աշակերտի «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակին արժանացաւ Վարագ Պալապանեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Ռալֆ-Յովհաննէս Աննայեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացաւ Աբրահամ Արբաճեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Արմէն Եղիայեան եւ Վարագ Պալապանեան, Լորի Եահնիյեան եւ Լէա Պուտաքեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակին արժանացաւ Ժիւլիանա Թրթռեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակը ստացան Մեղրի Գասապեան եւ Լոռիթա Սրուրեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան»  մրցանակին արժապացան Ալիք Ղազար եւ Լիլիթ Տէﬕրճեան: Վերոյիշեալ մրցանակներէն բացի, «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» մրցանակի ծիրէն ներս, իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստացաւ նաեւ քաջալերական նուէր գումար մը, իսկ «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակէն գումար մը փոխանցուեցաւ դպրոցի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին։ Յատուկ շնորհակալութիւն մրցանակներուն գումարները ապահովող Ճեմարանի բարեկամ ընտանիքներուն եւ անհատներուն:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք,  Փաուլա Եղիայեան փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան ողջունեց ներկաները ըսելով. «Նախորդ երկու տարեշրջաններու տարեվերջի հանդէսները տեղի ունեցան սեղմ պայմաններու մէջ եւ երկու տարիներու դադարէ մը ետք այսօր կրկին կարելիութիւնը ունեցանք հաւաքուելու եւ միասնաբար ըմբոշխնելու աւարտական դասարանի աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրը: Ճեմարանը կարօտցեր էր իր շրջափակէն ներս հիւրընկալելու իր մեծաթիւ հարազատները. Ճեմարանի սրահները կարօտցեր էին խմբային ասմունքները, խմբերգները, խմբային պարերը, մեզի թեւ ու թռիչք տուող եւ բեմը զարդարող մեր աշակերտներուն խօսքերն ու կատարումները եւ ներկաներուն գնահատական ծափահարութիւնները. բարի եկաք»: Ապա շադունակեց. «Տարեվերջի հանդէսն ու աւարտական դասարանի աշակերտներու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը իր եզակի դրոշմը կը ձգէ իւրաքանչիւր շրջաւանարտի կեանքին մէջ. այս օրը յատկանշական է մեր շրջանաւարտներուն, իրենց հարազատներուն եւ Ճեմարանի անձնակազմին համար. այս հանդիսութիւնը մեր շրջանաւարտներուն համար իրենց դպրոցական տարիներուն ու կեանքի նոր հանգրուանին միջեւ ուրախ ու հպարտ, բայց միաժամանակ զգացական եւ յուզիչ յիշատակելի կամուրջ մըն է: Այս հանդիսութիւնը նաեւ լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ հրապարակաւ մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտներու Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն, ծնողներուն, պաշտօնակիցներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն ըլլան անոնք անհատներ, միութիւններ կամ հիմնարկութիւններ:  Մեծաթիւ են անոնք, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ մեր կողքին կը գտնուին, քաջ  հաւատալով, որ 92 տարիներ առաջ հիմնուած այս կրթօճախը տակաւին շատ սերունդներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ իր ուսերուն: Շնորհակալութիւն բոլորին: Հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր բոլորս կ՛ապրինք զանազան տեսակի եւ հետզհետէ բարդացող վերիվայրումներ. Ճեմարանն ալ իր կարգին զերծ չմնաց այս անկայուն ու տագնապալի կացութենէն. մեզ շրջապատող դժուարութիւնները մաս կազմեցին ու տակաւին մաս կը կազմեն մեր առօրեային ահաւասիկ երեք տարեշրջաններէ ի վեր սակայն Հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն ու հայ աշակերտի դաստիարակութիւնը առաջնահերթ դիրքի վրայ ունենալու մեր պատրաստակամութիւնը չճանչցան խոչընդոտ եւ դժուարութիւն ու Ճեմարանը շարունակեց իր առաքելութիւնը, իսկ Ճեմարանի ուսուցիչը նոյն թափով ու կորովով շարունակեց իր նուիրուած աշխատանքը…: Մեզ եւ մեր շրջապատը ընկճող կացութեան դիմաց Ճեմարանը չընկրկեցաւ, այլ ընդհակառակը՝ մեր կրթօճախէն ներս անպակաս եղան դաստիարակչական եւ այլազան բարեկարգման ծրագիրներ եւ մեր շուրջ հաւաքուեցան աշխարհասփիւռ մեր Ճեմարանականները: Բոլորին վարձքը կատա՛ր»:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ, Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Ձեր ծնողները ծով համբերութեամբ եւ չափազանց հոգատարութեամբ միշտ եղան ձեր կողքին. գուրգուրացին, խրատեցին, բարկացան եւ օգնեցին, ձեզի հետ ապրելով ձեր տխրութիւններն ու ուրախութիւնները, ձեր պարտութիւններն ու յաղթանակները, ձեր ձեռքբերումներն ու փորձառութիւնները միշտ ձեզ ուղղելով, որ ըլլաք լաւ մարդ ու լաւ հայ: Ճեմարանի անձնակազմը ընկերակցեցաւ ձեզի դպրոցական ձեր բոլոր հանգրուաններուն, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, իր ժպիտով ու դէմքի արտայայտութիւններվ, իր նկարագրային եւ աշխատանքային իւրայատկութիւններով, իր դժուարութիւններով ու չարաճճիութիւններով կը գրաւէ իր յատուկ տեղը՝ մեր սրտերուն մէջ: Քիչ առաջ, տեսերիզի ցուցադրութեան ժամանակ, իւրաքանչիւրդ ներկայացուցիք Ճեմարանը՝ մէկ բառով. ըսիք՝ տուն, երկրորդ տուն, ընտանիք, ընկերներ: Այո, Ճեմարանը այդ բոլորն է. այդ բոլորն է ու աւելին: Ճեմարանը սոսկ կրթական հաստատութիւն մը չէ. Ճեմարանը այն նաւն է, որ կը թիաւարէ հոսանքն ի վեր, դէմ դնելով իր դէմ հանդիսացող տագնապներուն: Ճեմարանը այն փարոսն է, որ կը լուսաւորէ ու կը պայծառացնէ հայ աշակերտին միտքն ու հոգին: Ճեմարանը այն տունն է, որ օտարամոլութիւններէ եւ ցուցամոլութիւններէ հեռու՝ առաջնակարգ դիրքի վրայ կը պահէ հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ճեմարանը այն վայրն է, որուն հարազատ յարկին ներքեւ հայ աշակերտին կեանքը ուրախ եւ միշտ ազատ կը ծաղկի: Թէեւ այսօր չկան հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալները, Ճեմարանի հիմնադիրներ՝ Շանթն ու Աղբալեանը, սակայն կայ անոնց տեսլականը, ու կը շարունակուի անոնց սկսած սրբազան առաքելութիւնը»:

Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.

Ակոբ Օղլի Մարիա, Ահարութեան Ալիք, Այնթապլեան Նանար, Պուտաքեան Լէա, Գափլանեան Մարիա, Խաչատուրեան Լորի, Մաքտեսեան Լիլա, Թրթռեան Ցօղիկ, Թիքիճեան Օրօր, Արբաճեան Աբրահամ, Ասատուրեան Արտակ, Հանտեան Արամ, Գասապեան Սերոբ, Նաճարեան Շահան, Եղիայեան Արմէն, Քիւրքճեան Հրանդ, Լախեան Հրակ, Մանուկեան Վառակ-Նարեկ, Ալեքսանեան Լարա, Սեմէրճեան Ռիթա, Եահնիյեան Լորի, Զարմէնեան Փաթիլ, Աննայեան Ռալֆ-Յովհաննէս, Պալապանեան Վարագ, Խանճեան Մայքլ:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Յիշենք նաեւ, որ Ճեմարանի աւարտական դասարանի հանդէսէն մօտ շաբաթ մը ետք, յայտարարուեցան ֆրանսական պաքալորէայի արդիւնքները, եւ բոլոր շրջանաւարտները յաջողեցան, ապահովելով շատ լաւ արդիւնքներ: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք զիրենք:

 

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ արտակարգ վիճակէն ետք կարօտով կը սպասէին հաւաքական աշխատանքներուն, հանդէսներուն, ծնողական հանդիպումներուն եւ դասարանային պտոյտներուն: Ապա խօսքը ուղղելով Կանաչ դասարանի երեխաներուն՝ ան ըսաւ. «Սիրելի Կանաչ դասարանի փոքրիկներ, եղէ՛ք միշտ ուրախ, առողջ եւ յաջող: Տարիները շուտ կ’անցնին, եւ տասներկու տարիներ ետք դարձեալ բեմ պիտի բարձրանաք՝ աւելի մեծցած, եւ այս անգամ պիտի ստանաք Ճեմարանի վկայականը»: Այնուհետեւ, մանկապարիզպանուհին երախտագիտութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն, որոնք հակառակ անցնող երկու ծանր տարիներու համաճարակային, տնտեսական ու քաղաքական ժգնաժամային պայմաններուն, շնորհիւ իրենց կամքին եւ հայ դպրոցին առաքելութեան հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին, կանգուն պահեցին Ճեմարանի մանկապարտէզը: Վերջապէս, եզրափակելով իր խօսքը՝ Եահնիյեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք հակառակ վերոյիշեալ դժուար պայմաններուն՝ իրենց զաւակները վստահեցան Նորսիկեան մանկապարտէզին եւ նեցուկ կանգնեցան վերջինիս:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր»: Կանաչ դասարանի փոքրիկները, գունաւոր հագուստներ հագած՝ երգեցին հայերէն եւ արաբերէն երգեր, նուագեցին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Լիբանանը, Յունաստանը, Ռուսիան, Պրազիլն ու Հայաստանը եւ պարեցին իւրաքանչիւր երկրէ ազգային պար մը:

Հանդէսին աւարտին, Կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Գաբրիէլեան Նարօտ, Ժուտիէհ Գայիանէ, Ճէրէճեան Անի, Սերայլեան Լիանա, Սեփէթճեան Արին, Տէր Պօղոսեան Տեսիլ-Ռիթա, Արթին Ճոն-Լուի, Կարապետ Ովկիան, Մենզոյեան Ալեքս, Նիզեան Սեւակ, Պարսումեան Վահագն, Փեհլուլեան Միհրան, Թիթիզեան Վանա, Խանճեան Սիէլ, Մահտեսեան Ռուպի, Մարկոսեան Լիլա, Սագայեան Սեւանա, Գէլեան Հրակ, Գէլէքեան Սուրէն-Սերժ, Խորոսեան Դրօ, Մանուկեան Կարէն, Մսըրլեան Մենուա, Ներսէսեան Ֆրետէրիք, Քէնտիրճեան Կարօտ-Արա եւ Քէնտիրճեան Դրօ-Դաւիթ:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, զոր երգեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի վկայեալ աշակերտները:

100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, 80 ԱՌ 100՝ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 25 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 20 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (5 շատ լաւ, 10 լաւ, 5 բաւական լաւ):

Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը.

Գիտական դասարանէն. Ակոբ Օղլի Մարիա (լաւ), Ահարութեան Ալիք (լաւ), Այնթապլեան Նանար (լաւ), Պուտաքեան Լէա (բաւական լաւ), Գափլանեան Մարիա (լաւ), Խաչատուրեան Լորի (բաւական լաւ), Մաքտեսեան Լիլա (բաւական լաւ), Թրթռեան Ցօղիկ (շատ լաւ), Թիքիճեան Օրօր, Արբաճեան Աբրահամ, Ասատուրեան Արտակ, Հանտեան Արամ (լաւ), Գասապեան Սերոբ (լաւ), Նաճարեան Շահան (լաւ), Եղիայեան Արմէն (լաւ), Քիւրքճեան Հրանդ (լաւ), Լախեան Հրակ (բաւական լաւ), Մանուկեան Վառակ-Նարեկ (շատ լաւ):

Գրական դասարանէն. Ալեքսանեան Լարա (շատ լաւ), Սեմէրճեան Ռիթա (շատ լաւ), Եահնիյեան Լորի (շատ լաւ), Զարմէնեան Փաթիլ (բաւական լաւ), Աննայեան Ռալֆ-Յովհաննէս (լաւ), Պալապանեան Վարագ, Խանճեան Մայքլ:

ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Շաբաթ, 11 Յունիս 2022-ին, Մանկապարտէզի Վարդագոյն դասարանի փոքրիկները նշեցին մայրերու եւ հայրերու տօնը։
Եռագոյն դրօշակները իրենց ճակատներուն՝ փոքրիկները երգեցին մայրերու եւ հայրերու նուիրուած երգեր, ապա պարեցին «Հայաստան» երգին տակ: Պարէն ետք փոքրիկները իրենց մամաներուն եւ պապաներուն նուիրեցին ձեռային աշխատանքները եւ նկարուեցան անոնց հետ։
Յայտագրի աւարտին, ներկաները համտեսեցին Մանկապարտէզի խոհանոցին կողմէ պատրաստոած համեղ քաղցրեղէնները։

ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 10 Յունիս 2022-ին, Տարրական բաժնի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները իրենց մայրերուն համար պատրաստած էին հանդէս մը: Անոնք իրենց ծնողներուն ձօնեցին իրենց սորված արտասանութիւնները, երգերն ու պարերը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր աշակերտ ըսաւ, թէ իր մայրը ի՛նչ կը ներկայացնէ իրեն համար: Հանդէսին ընթացքին, աշակերտներուն մայրերը քաշեցին մայրերու մասին վիճակներ եւ զանոնք կարդացին ներկաներուն, որմէ ետք երեխաները իրենց պատրաստած ձեռային աշխատանքները նուիրեցին անոնց: Յայտագրի աւարտին կտրուեցաւ կարկանդակ մը եւ առնուեցան յիշատակի խմբային նկարներ: