ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արսլանեան հիմնարկութիւնը նուիրատուութիւններու միջոցով կը համագործակցի Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին հետ:

Արսլանեան հիմնարկութիւնը, Պելճիքայի մէջ գործող ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մը, որ հիմնադրուած է 2020 թուականին Արսլանեան ընտանիքի ամենաերիտասարդ սերունդին կողմէ՝ աջակցելու համար հայկական տարբեր համայնքներու, մասնաւորաբար կը նախաձեռնէ օգնել ընտանիքներուն՝ ուղարկելու իրենց երեխաները Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուր:

Այս նախաձեռնութիւնը բխած է Լիբանանի այժմու ճգնաժամային կացութենէն եւ կը ներկայացնէ Արսլանեան ընտանիքի աներեր յանձնառութիւնը ապագայ սերունդներուն նկատմամբ:

Հիմնարկութիւնը կը հոգայ Օգոստոս 2022-էն սկսեալ մանկամսուր արձանագրուող 100 երեխաներու կրթաթոշակը, ներառեալ սնունդը շաբթուան եօթը օրերուն ընթացքին՝ օրական երեք գլխաւոր ուտելիք (meal) եւ երկու նախուտեստ (snack): Հիմնարկութիւնը երեխաներուն կը տրամադրէ նաեւ մանկամսուր յաճախելու անհրաժեշտ փոխադրամիջոցը: Այս բոլորին զուգահեռ, Արսլանեան հիմնարկութիւնը կը հոգայ մանկամսուրի նոր եւ բազմալեզու կայքէջի մը ստեղծման աշխատանքներուն ծախսերը:

«Շատ ուրախ եմ այս առիթը ընձեռելու երեխաներուն, որպէսզի անոնք կարենան յաճախել Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր»,- կ’ըսէ հիմնարկութեան խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Սահակ Արսլանեան: «Հիմնարկութիւնը կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր երեխայ արժանի է կեանքի լաւագոյն մեկնարկին եւ կ’աջակցի իրենց իր ամբողջ կարողականութեամբ»:

«Մեր մանկամսուրին նպատակն է երեխաներուն ապահովել բարձրորակ խնամք եւ կրթութիւն, խրախուսող, անվտանգ եւ դաստիարակիչ միջավայրի մէջ՝ արհեստավարժ անձնակազմի ղեկավարութեամբ եւ հսկողութեամբ: Շնորհիւ Արսլանեան հիմնարկութեան նուիրատուութեան, բազմաթիւ երեխաներ կը կարողանան յաճախել Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր»,- մանկամսուրի անունով հաստատեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւնը ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն է, որ կը նպաստէ աշխարհասփիւռ հայերու կրթական եւ մշակութային նպատակներուն իրագործման եւ կը ղեկավարուի ժողովրդավարական սկզբունքներով:

Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը իր դռները բացաւ Ապրիլ 2018-ին: Ան կ’ընդունի երեք ամսականէն երեք տարեկան երեխաներ իր արդիական կառոյցին մէջ, որ կը գտնուի Անթիլիաս, Մըզհեր: Մանկամսուրին շարունակութիւնը Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզն է, որ կ’ընդունի երեք տարեկանէն վեց տարեկան երեխաներ, այնուհետեւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի առաջին դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարաններն են, քառալեզու հաստատութիւն մը, որ աշակերտները կը պատրաստէ երկու պաքալորէաներու՝ ֆրանսական եւ լիբանանեան: Այս երեք կառոյցները միասնաբար կրնան ընդունիլ մինչեւ 1000 աշակերտ:

ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

8/3/2022