«ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ԶԱՆԱԶԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, անգլերէնի դասապահերուն պատրաստեցին «Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ» խորագիրով ներկայացումներ: Անոնք հետաքրքրական ձեւով՝ պատկերներով եւ պաստառով, իրենց դասընկերներուն ներկայացուցին զանազան երկիրներու մէջ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ  հիւրասիրեցին աւանդական ուտելիք եւ անուշեղէն: Այս աշխատանքին…

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Թ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ շարունակեցին Դեկտեմբեր 2017-ին սկսած իրենց բարեսիրական աշխատանքը. անոնք Ուրբաթ, 12 Յունուար 2018-ի երեկոյեան այցելեցին չորս կարիքաւոր ընտանիքներուն: Աշակերտները իրինց հետ տարին ուտելիք, հագուստեղէն եւ հարցուցին անոնց կարիքներուն ու դժուարութիւններուն մասին, որպէսզի յաջորդ ամիս շարունակեն իրենց նպաստը բերել այդ ընտանիքներուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երկուշաբթի, 15 Յունուար 2018-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան Աւարտական դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց հետեւեալ ծրագիրները. -2009-ին հիմնուած Զոհրապ Պոսնոյեան կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ համալսարանական կրթաթոշակներ կը յատկացնէ այն աշակերտներուն, որոնք շրջանաւարտներն են Արսլանեան Ճեմարանին եւ որոնք ունին դպրոցական լաւ արդիւնքներ, նկարագրային արժանիքներ եւ միեւնոյն ժամանակ կը կարօտին…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ԱՆՏՐԷԱ ԳԱԺԱԳԺԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԻՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 11 Յունուար 2018-ին Ճեմարանի 2012-ի շրջանաւարտ Անտրէա Գաժաքժեան երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ մասնագիտական ուսման իր փորձառութեան մասին: Լիբանանեան համալսարանին մէջ աւարտելէ ետք ընկերային գիտութիւններու ճիւղը, ան այժմ մասնագիտական ուսումը կը շարունակէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ան շեշտեց հայրենիքի մէջ ուսանելու առաւելութիւնները եւ խօսեցաւ…

Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները իրագործեցին բարեսիրական ծրագիր մը Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Ծրագրի գործադրութիւնը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. Ընկերային ծառայողը ցուցմունք տուաւ, եւ աշակերտները լծուեցան աշխատանքի: Անոնք պատրաստեցին նախագիծ մը ու ժրաջան աշխատանք տարին զբօսանքներուն, ազատ պահերուն, նոյնիսկ յետմիջօրէի ժամերու: Աշակերտները Լ.Օ.Խ.-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակէն ստացան…

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի  կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը «Փիւնիկ» սրահէն ներս: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. Դ. դասարանէն՝ Սելին Գիլէճեան (անսխալ), Աւօ Խաչատուրեան, Ալիք Մոմճեան, Լոռի Բակլայեան եւ Հրակ Ծատուրեան (1 սխալ), Սարին Մահտեսեան (2 սխալ): Ե. դասարանէն՝ Լոռի Աւետիս (անսխալ), Արամ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Լիբանանեան Նախապատմութեան Թանգարանը: Աշխարհագրութեան «Նախապատմութեան» դասին ծիրէն ներս այս այցելութիւնը կը միտէր աշակերտներուն աւելի մօտէն ծանօթացնել նախապատմութեան տարբեր հանգրուաններն ու նախամարդուն եղափոխութիւնը: Այցին սկիզբը, թանգարանի անձնակազմը ողջունեց Ճեմարանի փոքրիկ հնագէտները,…