ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԲԱԳԻՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2017-ին, ԺԲ. գրական դասարանի աշակերտներս այցելեցինք «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցանք «Բագին»ի փոխխմբագիր Նորա Բարսեղեանի հետ:

Ան նախ անդրադարձաւ 1960-ական տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ գրական բեմի մը անհրաժեշտութեան, ապա՝ Հ. Յ. Դ. 16-րդ Ընդհանուր Ժողովին որոշումով «Բագին»ի առաջին թիւին հրատարակութեան՝ 1962 Յունուարին:

Նորա Բարսեղեան իր տուած տեղեկութիւններուն կողքին մեզի տրամադրեց «Բագին»ի խմբագիրներուն անուանացանկը (1962-էն մինչեւ օրս), ինչպէս նաեւ՝ բացառիկ թիւերու ցանկը: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ «Բագին»ի 50-ամեակի յատուկ թիւին, մեզի տրամադրելով նաեւ այդ առիթով կատարուած հարցազրոյցը «Բագին»ի հիմնադիրներէն ու վաստակաւոր խմբագիրին՝ Պօղոս Սնապեանի հետ:

Օգտաշատ ու հետաքրքրական այս հանդիպումին աւարտին, պահ մը կը մտածենք՝ եթէ օրին «Բագին»ը կրցաւ հանդիսանալ Խորհրդային Հայաստանի մտաւորականութեան Սփիւռքի խօսքը եւ մտածումները փոխանցող գրական-մտաւորական բեմը, ապա ան այսօր կրնայ նաեւ հանդիսանալ մեր՝ երիտասարդներուս խօսքի ու մտածումներու բեմը՝ ընդդէմ համաշխարհայնացման զանազան ալիքներուն:  

Շնորհակալ ենք «Բագին»ի խմբագրութեան գրական այս ջերմ հանդիպումին եւ մեզի տրամադրուած «Բագին»ի զանազան թիւերուն համար:

Քրիստ Բրուտեան

ԺԲ. դասարան