ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ուրբաթ, 20 Յունուար 2017-ի երեկոյեան, Չալեան սրահէն, տեղի ունեցաւ մանկամսուրի ծնողներուն հետ ծանօթացման հանդիպում մը:

Մանկամսուրի պատասխանատու Թալին Փափիրեան խօսեցաւ մանկամսուրի գործունէութեան ու առօրեային մասին, ապա մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Նորսիկեան մանկապարտէզի սկզբունքներն ու ծրագիրը:

Հանդիպման աւարտին Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան պատմական հակիրճ ակնարկէ մը ետք, ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ դպրոցին կրթական առաքելութեան եւ ծրագիրին մասին:

Տնօրէնուհիին խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն: