Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ հանգուցեալ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի Ճեմարանին կտակած են մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը հազար եւ քառասուն ամերիկեան տոլարի գումար մը: Տնօրէնութիւնս մեծապէս երախտապարտ է Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններուն` իրենց այս ազնուական նուիրատուութեան համար, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ կտակի իրագործման ընթացքին իրենց օժանդակութիւնը բերած բոլոր անհատներուն:

Համազգայինի Ճեմարանը իր հիմնադրութեան օրերէն եղած է հայ նոր սերունդներու կրթութեան կարեւոր օճախ մը եւ միշտ հաւատարմօրէն պիտի ծառայէ հայեցի դաստիարակութեան ու բարձրորակ ուսում ջամբելու իր առաքելութեան: Կրթական ծրագիրներու եւ մեթոտներու շարունակական որակաւորումն ու արդիականացումը ճեմարանի համար մնայուն թիրախներ են: Նման կարեւոր նուիրատուութիւններ կարելի կը դարձնեն կրթական նորարար ծրագիրներու իրագործումը:

Համազգայինի Ճեմարանը առաւել եւս կը գօտեպնդուի Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններուն նման ազգայիններու ճեմարանի նկատմամբ ունեցած հաւատքով ու համարումով եւ վերանորոգուած թափով կը փարի հայ աշակերտի մարդակերտման ու հայակերտման իր առաքելութեան գործադրութեան աշխատանքներուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ
ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 22 Յունուար 2017

Մարգրիտ Եւ Գուրգէն
Ասատուրեաններ

Մարգրիտ Ասատուրեան ծնած է Պոլիս 1923 թուականին, իսկ իր եղբայրը` Գուրգէն Ասատուրեան, դարձեալ Պոլիս` 1924-ին: Նոյն տարին, թրքական խժդժութիւններէն փախչելով, Ասատուրեան ընտանիքը կ՛ապաստանի նախ Հայաստան, եւ ապա կը տեղափոխուի Իրան` Թեհրան:

Հանգուցեալ Մարգրիտ Ասատուրեան յաճախած է Թեհրանի Forough Girls American Missionary երկրորդական վարժարանը, ուր ցուցաբերած է իւրայատուկ կարողութիւն լեզուագիտութեան մէջ: Ուսումը աւարտելէ ետք, ան սկսած է աշխատիլ Թեհրանի ամերիկեան դեսպանատան մէջ` իբրեւ թարգմանիչ. ապա ան գործած է Voice of America հաստատութեան մէջ: 1953-ին կը տեղափոխուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Վըրճինիա նահանգի Մըքլէյն քաղաքին մէջ: Իբրեւ թարգմանիչ կը սկսի գործել ամերիկեան կառավարութեան Indian Supply Mission-ին մէջ` միաժամանակ շարունակելով իր ուսումը տեղւոյն «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանի լեզուագիտութեան ճիւղին մէջ:

Ան լաւ թարգման եղած է եւ իր աշխատանքին բերումով յաճախ ճամբորդած է զանազան երկիրներ եւ մնայուն հետաքրքրութիւն ունեցած քաղաքականութեան ու լրատուութեան նկատմամբ: Հանգուցեալը վարչական պաշտօններ վարած է Համազգայինի կառոյցին եւ ազգային կազմակերպութիւններու մէջ: Իր ասպարէզին բերումով, շարունակ դիմած է Միացեալ Նահանգներու պետական նպաստներու` Հայաստանի օժանդակութեան համար, եւ նամակներու ու լոպիիստական միջոցներով միջազգային մակարդակի վրայ արծարծած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

Հանգուցեալ Գուրգէն Ասատուրեան յաճախած է Թեհրանի հայկական տարրական ու ապա պարսկական միջնակարգ դպրոցները: Եղած է Թեհրանի Հայ պատանեկան մշակութային միութեան հիմնադիր անդամներէն: 1948-ին տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` Ուաշինկթընի մէջ ուսումը շարունակելու նպատակով: Արժանացած է պսակաւոր արուեստից ու մագիստրոսի վկայականներուն եւ 1952-ին աշխատանքի անցած է Նիւ Եորքի Voice of America ձայնասփիւռի կայանի նորաստեղծ հայկական բաժինին մէջ` իբրեւ լուրերու խմբագիր, խօսնակ ու վերլուծող: Քանի մը տարի ետք, նոյն պաշտօնով տեղափոխուած է դարձեալ Ուաշինկթըն եւ 35 տարիներէ աւելի պաշտօնավարելէ ետք հանգստեան կոչուած 1987 թուականին:

Գուրգէն Ասատուրեան տարիներ շարունակ իր կարեւոր նպաստը բերած է տեղւոյն հայկական կառոյցներուն` գործակցելով Համազգայինին, ՀՅԴ-ին, ՀՕՄ-ին, մամուլին, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ: Գուրգէն Ասատուրեան իր ետին ձգած է խոհուն եւ ակնառու անձնաւորութեան մը յիշատակը: Ան ապրած է մտահոգուելով ազգով ու եկեղեցիով, կուսակցութեամբ ու Հայ օգնութեան միութեամբ, Համազգայինով ու հայ դպրոցներով:

Գուրգէն Ասատուրեան մահացած է 21 մարտ 2011-ին, իսկ Մարգրիտ  Ասատուրեան` 13 դեկտեմբեր 2011-ին` Ուաշինկթընի մէջ: Քոյր ու եղբայր կ՛առաջնորդուէին ուղիղ սկզբունքներով, իսկ իրենց կեանքը եղած է նուիրումի ու հայրենասիրութեան ոդիսական մը: