ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (USEK)

13 եւ 15 Նոյեմբեր 2017-ին, երկրորդական բաժինի ԺԲ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն ուսման կողմնորոշման համար USEK (Université Saint Esprit Kaslik) համալսարանի ներկայացուցիչները բացատրութիւններ տուին մուտքի քննութիւններուն, դիմումնագիրներու եւ մասնագիտութիւններու մասին:

ՊՏՈՒՂԻ ԱՂՑԱՆ

Մանկամսուրի փոքրիկները ծանօթանացան աշնան պտուղներուն եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները: Անոնք զանազան պտուղներով պտուղի աղցան պատրաստեցին, ապա համտեսեցին: 

ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ «ՇՈՒԿԱՆ»

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները սորվեցան շուկայի դասը: Անոնք շուկայ շինեցին եւ գնումներ կատարեցին: Այս դասին ու աշխատանքին ընդմէջէն անոնք ոչ միայն սորվեցան պտուղներու եւ բանջարեղէններու անունները, այլեւ՝ կշիռքի հասկացողութիւնը, թէ ի՛նչպէս կը գնեն զանոնք՝ քիլոյո՞վ կամ կապոցով, թէ ի՛նչպէս դրամ կը գործածեն, եւայլն:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2017-ին, ԺԲ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք հետաքրքրուած էին լիբանանեան համալսարանով, դպրոցի ընկերային ծառայողին ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի երեք տարբեր բաժանմունքներ: Անոնք նախ այցելեցին Ֆանարի շրջանին մէջ գտնուող հանրային առողջապահութեան եւ գիտութեան բաժանմունքները եւ տեսակցեցան պատասխանատու Դոկտ. Ժոզէֆ Պշարայի հետ, որ մէկ ժամ տրամադրեց լուսաբանելու համար…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ երկրորդական բաժինի ուսուցիչներու, Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը՝ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն եւ ծնողներուն մասնակցութեամբ: Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ այս հաւաքը իր բնոյթով կը տարբերի ուրիշներէ անով, որ սոսկ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ին, առաջին զբօսանքին, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանի աշակերտները օրուան պատգամը փոխանցեցին: Աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը, որմէ ետք Հերա Տէտէեան հայերէն լեզուով եւ Մէյրի Գրիգորեան արաբերէն լեզուով յաջորդաբար ընթերցեցին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով իրենց խօսքերը: Պատմական ակնարկէ ետք, անոնք…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԽՈՅԶԵՐՈՎ

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները՝ խմբակներու բաժնուած, պատրաստած էին արաբերէն լեզուով խոյզեր Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով: Իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուց լիբանանցի քաղաքական գործիչ մը, ինչպէս՝ նախագահ,  բանակի հրամանատար, նախկին նախագահ, պատմական դէմքեր, բանաստեղծ, լրագրող…: Խոյզերու ներկայացման ժամանակ աշակերտները խօսեցան այս դէմքերուն յատկութիւններուն եւ իրագործումներուն մասին: Անոնք…

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները դիտեցին անկախութեան պատմութեան տեսերիզը արաբերէն լեզուով: Անոնք սորվեցան նոյն բնաբանով երգ մը եւ գծագրութեան մը կողքին Լիբանանի հանդէպ իրենց սիրոյն մասին արաբերէն լեզուով արտայայտութիւններ գրեցին: Նոյն առիթով, Ե. դասարանի աշակերտները պատրաստեցին խոյզեր եւ ներկայացուցին իրարու օգնելով ու գործակցութեամբ հայրենիքին տէր…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴՐՕՇԱԿԸ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2017-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները ձեռային աշխատանքով կազմեցին Լիբանանի դրօշակը:

ԱՇՈՒՆԸ

Աշնան եղանակը լաւ սորվելու համար, մանկամսուրի փոքրիկները պտոյտ մը կատարեցին դպրոցին պարտէզներուն մէջ,  ուսումնասիրեցին բնութեան փոփոխութիւնները, դիտեցին տերեւաթափ ծառերը, շօշափեցին չորցած տերեւները, ապա ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները զանազան աշխատանքներով:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (A.U.B.)

8 եւ 13 Նոյեմբեր 2017-ին, A.U.B ընդունման գրասենեակէն  Սապին Մելքիսէթեան յաջորդաբար հանդիպեցաւ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ եւ բացատրութիւններ տուաւ A.U.B մուտքի քննութիւններուն եւ տարբեր մասնագիտութիւններուն մասին: Ան աշակերտներուն բաժնեց համալսարանին վերաբերող անհրաժեշտ թերթիկներ եւ դիմումնագիրներ: Հանդիպումներու աւարտին, Սապին Մելքիսէթեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

ՊՈՒՅ-ՊՈՒՅ ՄԿՆԻԿԻՆ ՀՆԴԿԸՆԿՈՅԶԸ

Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները դիտեցին պույ-պույ մկնիկին հնդկընկոյզը, համտեսեցին միջուկը եւ խմեցին անոր ջուրը, ապա ձեռային աշխատանքով հնդկընկոյզը մկնիկի վերածեցին: