ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ «ՇՈՒԿԱՆ»

Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2017-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները սորվեցան շուկայի դասը: Անոնք շուկայ շինեցին եւ գնումներ կատարեցին:

Այս դասին ու աշխատանքին ընդմէջէն անոնք ոչ միայն սորվեցան պտուղներու եւ բանջարեղէններու անունները, այլեւ՝ կշիռքի հասկացողութիւնը, թէ ի՛նչպէս կը գնեն զանոնք՝ քիլոյո՞վ կամ կապոցով, թէ ի՛նչպէս դրամ կը գործածեն, եւայլն: