ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին Նահր Քելպի կենդանաբանական պարտէզը, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։ Փոքրիկները շոյեցին ու գրկեցին օձն ու կրիան, ուլիկն ու ուղտը: Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Շաբաթ, 9 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, ԺԱ. դասարանի (գրական բաժին) աշակերտները Մայրավանք այցելեցին, իրենց մատենագրութեան, գրաբարի եւ եկեղեցագիտութեան ուսուցիչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի հրաւէրով։ Աշակերտները Մայրավանքին ներս ծանօթացան Կաթողիկոսարանի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ այցելեցին Մայր Տաճար, Նահատակաց Մատուռ, Միաբանական Դամբարան եւ «Կիլիկիա» Թանգարան։ Կաթողիկոսարանի ծանօթացումէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Զատկուան արձակուրդէն ետք, Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2016-ին, Ճեմարանի վերամուտը արտասովոր եղաւ: Շաբաթավերջին Արցախի մէջ տիրող պատերազմական գործողութիւններէն ետք, աշակերտ թէ ուսուցիչ «ի՛նչ կարելի է ընել»ու տրամադրութեամբ վերադարձաւ դպրոց: Լիբանանի Պատանեկան Միութեան կոչերը ստանալէ եւ ընթերցելէ ետք, աշակերտները բարձրացան դասարան: Ուսուցիչներուն հետ խորհրդակցելէ եւ համապատասխան ցուցմունքներ ստանալէ ետք, անոնք…