ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Զատկուան արձակուրդէն ետք, Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2016-ին, Ճեմարանի վերամուտը արտասովոր եղաւ: Շաբաթավերջին Արցախի մէջ տիրող պատերազմական գործողութիւններէն ետք, աշակերտ թէ ուսուցիչ «ի՛նչ կարելի է ընել»ու տրամադրութեամբ վերադարձաւ դպրոց: Լիբանանի Պատանեկան Միութեան կոչերը ստանալէ եւ ընթերցելէ ետք, աշակերտները բարձրացան դասարան: Ուսուցիչներուն հետ խորհրդակցելէ եւ համապատասխան ցուցմունքներ ստանալէ ետք, անոնք անցան գործի: Ցուցատախտակները ողողուեցան արցախեան բնաբաններով, ընկերային ցանցերու քարոզարշաւին մասնակցութեան համար նկարներ պատրաստուեցան, եւ հնչեցին ազգային ու հայրենասիրական երգերը՝ բոլոր զբօսանքներուն:    

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2016-ին, վերջին պահուն, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն ներկայութեամբ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաքը:

Արցախի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԺԱ. դասարանէն Յակոբ Թաշճեան ընթերցեց բացման խօսքը: Ան ըսաւ. «Հայ աշակերտը ցաւակից է իւրաքանչիւր հայու, որ կ’ապրի հօր, զաւկի, հարազատի եւ ընկերոջ կորուստ, հայ աշակերտը հպարտ է հայ զինուորով եւ նահատակներով, որոնք կռուեցան մեր սուրբ հողին պաշտպանութեան համար: Հայ աշակերտը հպարտ է բոլոր կամաւորներով, սփիւռքի ուժերով եւ այն բոլորով, որոնք նեցուկ կանգնեցան Արցախին՝ իր մութ ժամերուն»: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հայ ժողովուրդը հին է իր լեռներուն պէս: Փոթորիկներ եւ քամիներ յաճախակիօրէն կը զարնեն քարերը՝ միշտ բարձր   սուլելով, սակայն անոնք ինչպէս որ կու գան, այդպէս ալ սուլելով կ’երթան: Կը լռեն: Իսկ հայ լեռները միշտ կը մնան հպարտ ու անպարտելի: Այդպէ՛ս ալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը մնայ»:

Ապրիլի առաջին օրերու արցախեան իրադարձութիւնները ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, բեմ բարձրացաւ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ պատմական հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց ներկայացնելով Արցախը նախ իբրեւ հին Հայաստանի նահանգներէն մէկը, ապա՝ անոր հայկական դիմագիծի պահպանումը պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն եւ տարբեր տիրապետութիւններու ընթացքին, հասնելով մինչեւ անոր մաս կազմելը Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան (երկամեայ շրջան), ապա՝ համայնավարութեան հարուածին հետեւանքով՝ Արցախի միացումը Ազրպէյճանին:

Տնօրէնը ընդգծեց, որ Արցախի միացումը Ազրպէյճանին միշտ ալ ընդունելի չէր արցախցիին ու ամբողջ հայութեան համար, հետեւաբար առաջին իսկ առիթին՝ Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք, 1991-ին սկսաւ Արցախի ազատագրական պայքարը, Արցախը վերանկախացաւ, եւ 1994-ին զինադուլ հռչակուեցաւ: Տնօրէնը աշակերտներուն բացատրեց «ԵԱՀԿ» եւ «Մինսք» բառերուն իմաստը, ապա նաեւ՝ ԵԱՀԿԻ Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութիւնը: Ի վերջոյ, անդրադառնալով Ապրիլի առաջին օրերու ռազմական դէպքերուն, տնօրէնը ըսաւ. «Արդէն զինադադար է, մենք վերատիրացանք մեր առաջին օրերու կորսնցուցած դիրքերուն, մենք հող չկորսնցուցինք, սակայն ունեցանք զոհեր՝ նահատակներ: Մենք տեսանք անցնող օրերուն համայն հայութիւնը ինչպէս մէկ հոգիի վերածուեցաւ, ամէն մարդ զօրավիգ էր: Արցախը պաշտպանելու ոգին համակեց բոլորը: Կազմակերպութիւնները, միութիւնները համախմբուեցան, որպէսզի օժանդակութեան ձեւերն ու կարելիութիւնները քննարկեն: Այս միասնականութեան տրամադրութիւնը պէտք է շարունակուի: Արցախը մերն է եւ մերն ալ պիտի մնայ, պատրաստ պէտք է ըլլանք զոհողութիւններու»:

Աշակերտները միասնութեան, զոհողութեան ու պայքարի ոգիով մեկնեցան սրահէն: