ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին Նահր Քելպի կենդանաբանական պարտէզը, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։

Փոքրիկները շոյեցին ու գրկեցին օձն ու կրիան, ուլիկն ու ուղտը: Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։