ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Շաբաթ, 9 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, ԺԱ. դասարանի (գրական բաժին) աշակերտները Մայրավանք այցելեցին, իրենց մատենագրութեան, գրաբարի եւ եկեղեցագիտութեան ուսուցիչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի հրաւէրով։ Աշակերտները Մայրավանքին ներս ծանօթացան Կաթողիկոսարանի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ այցելեցին Մայր Տաճար, Նահատակաց Մատուռ, Միաբանական Դամբարան եւ «Կիլիկիա» Թանգարան։

Կաթողիկոսարանի ծանօթացումէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց աշակերտները եւ անոնց խօսեցաւ հայեցի դաստիարակութեան ու հայ դպրոցի կարեւորութեան մասին։ Ապա, աշակերտները Վեհափառ Հայրապետին հարցումներ ուղղեցին, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան Ղարաբաղի ներկայ կացութեան, հայրենիքի պաշտպանութեան եւ կարգ մը հարցերու գծով քրիստոնէական կեցուածքին մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր տուած պատասխաններով լուսաբանեց աշակերտները։

Հանդիպման ընթացքին Արզնի Արսլանեան եւ Նարեկ Ճեմճեմեան ելոյթ ունեցան Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան։