ՃԵՄԱՐԱՆ ՇԱՀԵՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցան վազքի մրցումներ՝ տարբեր դասակարգերու մէջ: Վազքի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քսան վարժարաններու 411 երկսեռ աշակերտներ: Այս մրցաշարքին, կրտսեր աղջկանց 2400 մեթր վազքի մրցումներուն, Ճեմարան յաջողեցաւ շահիլ երկրորդութիւն մը եւ երրորդութիւն մը: Արին Գասապեան 9 վայրկեան եւ 54 երկվայրկեան արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ Լորի Թաշճեան հանդիսացաւ երրորդ (10\’ 04\”): Առաջին դիրքը գրաւողը արձանագրեց 9 վայրկեան եւ 44 երկվայրկեան արդիւնք մը: Այս դասակարգի խմբային դասաւորման մէջ Ճեմարան հանդիսացաւ երկրորդ՝ Ժամհուրի ետին: Մրցումներու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: