ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԻ ՎԱՃԱՌՔ

Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2010-ի առաւօտեան համեղ կարկանդակի բոյրը տարածուած էր դպրոցէն ներս։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ կարկանդակի վաճառք, որուն հասոյթով պիտի բարեզարդուի իրենց դասարանը։ Բոլոր կարկանդակները վաճառուեցան։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան

ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՊԱՐԿԵՇՏ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ (Cyberethics)

Աշակերտը նկարագրային լաւ յատկանիշներով օժտելու նպատակով, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը մշակած է «Ընկերային Կազմաւորման Ծրագիր» մը, որ կը միտի աշակերտին մօտ կերտել արդարամտութիւն, ազատամտութիւն, այլասիրութիւն, քաղաքացիական գիտակցութիւն… զարգացնել անոր արժանապատուութեան ու պատասխանատուութեան զգացումը, ինչպէս նաեւ զայն մղել ինքնաճանաչման ու գիտակից կարգապահութեան։ Վերոյիշեալ ծրագրի ծիրէն ներս, տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ զրոյց-հանդիպում մը…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2010-ին Ճեմարանի մանկամսուրի երկրորդ դասարանի փոքրիկները այցելեցին դպրոցին տնօրէնութեան գրասենեակները։ Փոքրիկները «խնձոր»ի մասին բաւարար գիտելիքներ ամբարելէ ետք, իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ պատրաստեցին խնձորի օշարակը, խմեցին եւ ապա զայն հրամցուցին տնօրէնութեան ու պաշտօնէութեան, որոնք ուրախութեամբ «հիւրընկալեցին» մանկամսուրի աշակերտները։ Ճեմարանի տնօրէնը, իր կարգին, փոքրիկներուն քաղցրեղէն հրամցուց։

«ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԵՒ «ՊԵՂՈՒՄ»

Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2010-ին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց Հայոց Պատմութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Պէյրութ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական հնութիւններու վայրը, ուր ամրապնդեցին Հայոց Պատմութեան նախապատմական շրջանի դասին ընդմէջէն հնութիւններու եւ պեղումներու վերաբերող իրենց ստացած գիտելիքները։

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2010-ին Ճեմարանի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը, Հուրի Վարժապետեանը եւ Վարուժան Արզումանեանը, որոնք Լիբանան կը գտնուին 3 Նոյեմբերին Պիէլի մէջ ֆրանսերէն գիրքերու 2010-ի ցուցահանդէսի ծիրին մէջ մակագրելու իրենց պատրաստած «Նօ թեր տ՚անֆանս» գիրքը։ Անոնք շրջեցան Ճեմարանի զանազան բաժինները, այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզը, Ճեմարանի գրադարանը, մամուլի…

Ա. ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2010-ին, կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Ճեմարանի անձնակազմին (ուսուցչական կազմ եւ վարչական պաշտօնեաներ) առաջին աշխատանքային հանդիպումը, որ կը նպատակադրէ ուսումնական եւ կրթական աշխատանքներու հետեւողական բարելաւումը։ Հանդիպման առաջին հանգրուանին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան կրթական փոխ տնօրէնի պաշտօնին կոչուած Տիկ. Հուրի Եափուճեանի աշխատանքի բնութագրումը կատարեց, ապա Տիկ. Հուրի…