ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՊԱՐԿԵՇՏ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ (Cyberethics)

Աշակերտը նկարագրային լաւ յատկանիշներով օժտելու նպատակով, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը մշակած է «Ընկերային Կազմաւորման Ծրագիր» մը, որ կը միտի աշակերտին մօտ կերտել արդարամտութիւն, ազատամտութիւն, այլասիրութիւն, քաղաքացիական գիտակցութիւն… զարգացնել անոր արժանապատուութեան ու պատասխանատուութեան զգացումը, ինչպէս նաեւ զայն մղել ինքնաճանաչման ու գիտակից կարգապահութեան։ Վերոյիշեալ ծրագրի ծիրէն ներս, տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ զրոյց-հանդիպում մը «Համացանցի պարկեշտ գործածութեան գիտակցութիւնը» (Cyberethics) նիւթին շուրջ։ 21-րդ դարուն արհեստագիտութիւնը շատ արագ կը յառաջանայ. այնքան արագ, որ կարելի չէ քայլ պահել անոր հետ։ Ան մեր կեանքին հետ միաձուլուելով կը դառնայ անհրաժեշտ տարր մը՝ մեր կեանքի որակը բարելաւելու եւ մանաւանդ հաղորդակցութիւնը դիւրացնելու համար։ Սակայն այս գիւտը ունի գէշ հետեւանքներ ալ, որոնք ժխտական ձեւով կ՚ազդեն մարդուն՝ յատկապէս մանուկներուն ու պատանիներուն վրայ, որոնք տակաւին մարդկային կազմաւորման սկզբնական հանգրուանին մէջ են։ Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերին,Նախկին ճեմարանական Արամ Գրաճեան երկրորդական դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց վերոնշեալ նիւթը, իրենց փոխանցելով համացանցի լաւ եւ գէշ կողմերը, հետեւանքները եւ նախազգուշութեան ձեւերը։ Դասախօսութիւնը ընթացաւ զրոյցի ձեւով, աշակերտները յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին։ Դասախօսութեան աւարտին, աշակերտները լաւ տպաւորուած, Արամէն խնդրեցին, որ կրկին այցելէ դպրոց զիրենք հետաքրքրող այլ նիւթերու մասին եւս խօսելու, ինչպէս՝ համալսարանական կեանք, ասպարէզներու ընտրութիւն, եւայլն…։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան