ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Չորեքշաբթի 10 Սեպտեմբեր 2014-ը վերամուտն էր Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտներուն: Սեպտեմբեր 17-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբերին տարրական բաժինի Առաջին դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Անոնք Ճեմարանի քայլերգը երգելէ ետք, «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցիչներուն…

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, տեղի ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վերամուտի ուսուցչական աւանդական առաջին ժողովը։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն ու անոնց փոխանցեց 2014-2015 տարեշրջանին վերաբերող անհրաժեշտ տեղեկութիւնները։ Տնօրէնը ողջունեց Ճեմարանի ուսուցչական կազմին միացած նոր ուսուցիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Ապա…

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ՝ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Մոնրէալի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանականներու հաւաքը, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, գործակցաբար Համազգայինի Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղին։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը։ Տեղի ունեցան տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ զեկուցում, եղան լուսաբանական հարցումներ: Աւարտին, ընտրուեցաւ Ճեմարանականներու միութեան վարչութիւն։…