ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ՝ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Մոնրէալի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանականներու հաւաքը, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, գործակցաբար Համազգայինի Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղին։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը։ Տեղի ունեցան տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ զեկուցում, եղան լուսաբանական հարցումներ: Աւարտին, ընտրուեցաւ Ճեմարանականներու միութեան վարչութիւն։ Ներկայ էին խումբ մը Ճեմարանաւարտներ, ներառեալ՝ Պէյրութէն յատկապէս ժամանած Վաչէ Ծատուրեան։