ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Չորեքշաբթի 10 Սեպտեմբեր 2014-ը վերամուտն էր Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտներուն: Սեպտեմբեր 17-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբերին տարրական բաժինի Առաջին դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Անոնք Ճեմարանի քայլերգը երգելէ ետք, «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցիչներուն եւ այս տարեշրջանի ուսուցիչներուն միանալով ծանօթացան իրենց դասարաններուն ու դպրոցին բաժանումներուն: Հիւրասիրութենէ ետք, անոնք նուէրներով տուն վերադարձան: Այդ օրը, ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն: Չորեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերը վերամուտն էր տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի ու նախակրթարանի աշակերտներուն: Հինգշաբթի 25 Սեպտեմբերին՝ տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտի օրը, առաւօտեան զբօսանքին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2014-2015 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին։ Ան անդրադառնալով նախորդ տարեշրջանին աւարտական դասարանի աշակերտներուն պաքալօրէայի փայլուն յաջողութիւններուն, մաղթեց որ բոլոր աշակերտները ժրաջան աշխատանքով նոյնպէս արժանանան լաւագոյն արդիւնքներու: Տնօրէնը շեշտեց ընկերասիրութեան եւ իրարու օգնելու կարեւորութիւնը դպրոցական առօրեայի ընթացքին. ան անդրադարձաւ Ճեմարանի իւրայատուկ գիտակից կարգապահութեան, որ կը կիրարկուի ինքնաբերաբար, առանց խիստ պատժամիջոցներու։ Տնօրէնը ողջունեց տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները, որոնք արժանացան ծափահարութեան: Ան յաջողութիւն մաղթեց մասնաւորաբար աւարտական դասարանի աշակերտներուն: Ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: